Վատիկանի մէջ Զուիցերացի զինուոր։ Վատիկանի մէջ Զուիցերացի զինուոր։  

Զուիցերացի պահակագունդի ու անոնց հարազատներու համար Վատիկանի մէջ նոր զօրանոց։

Զուիցերացի պահակագունդի զօրանոցը ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուի յարգելով շրջակայ միջավայրի կայունութեան չափանիշերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկանի

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 2-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերական պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման հիմնարկի նախագահ, Տիար Ժան Փիեր Ռոթ եւ պահակագունդի հրմանատար զօրաւար Քրիսթոֆ Կրաֆ,  ճարտարապետներ ու զօրանոցի վերանորոգման հիմնարկի անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը։

Հանդիպումի ընթացքին  ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուեցաւ Զուիցերացի պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման աշխատանքներուն ծրագիրը, որ ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուի յարգելով շրջակայ միջավայրի կայունութեան չափանիշերը,ուր կարելի պիտի ըլլայ նաեւ հիւրասիրել պահակագունդի ընտանեկան պարագաները։
Զօրանոցի վերանորոգումի աշխատանքներուն ծրագիրին առաջին էջը կ՝ընդգրկէ ֆրանչիկոսս Պապի հետեւեալ գրութիւնը

«Երբեք չեմ կրնար մտածել իմ կեանքս առանց Զուիցերացի պահակագունդին։ Անոնք տիւ ու գիշեր ինծի մօտիկ են։ Անոնց արհեստավարժութիւնը, կարգապահութիւնը , քաղաքավարութիւնը, երախտագիտութեան մեծ զգացումով կը համակեն զիս։ Անոնք, կարգապահ առօրեայ կեանքով ապրող երիտասարդներ են, որոնք օրական  24  ժամ  կ՝աշխատին իմ անվտանգութիւնս պաշտպանելու համար։

Ահա թէ ինչու չափազանց կարևոր է, որ Վատիկանին մէջ, անոնք ու  իրենց հարազատները ունենան երկրորդ նորարարական չափերով  եւ ապահով երկրորդ տուն մը»։ Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ Զուիզերացի պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման աշխատանքներուն  ծրագիրին առաջին էջին վրայ։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2020, 12:55