Միսիոներական համաշխարհային օր Միսիոներական համաշխարհային օր 

Միսիոներական համաշխարհային օր. Առաքելութիւնը համաճարակի օրերուն։

Յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին կը նշուի միսիոներական համաշխարհային օրը որուն առթիւ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի քարտուղարը յիշեցուց թէ առաքեալները միշտ տառապողին մօտ կը գտնուին ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք կանչուած ենք հռչակելու եւ նուիրելու Աստուծոյ սէրը յատկապէս այնտեղ ուր կայ տառապանք, թշուառութիւն եւ յուսալքում» այս եղաւ Գերապայծառ Փրոթազէ Ռուկամպուայի, ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի քարտուղարի  պատգամը՝ ուղղուած եկեղեցւոյ միսիոներական գործունէութեան նուիրուած Հոկտեմբեր ամսուայ առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեցնելով Քահանայապետին օրուան առթիւ հրապարակած պատգամը «Ահաւասիկ եմ, զիս ուղարկէ», գերապայծառը նշեց թէ «Քովիտ 19 համաճարակով  յատկանշուած աշխարհի մը մէջ, պէտք չէ յուսալքուինք, որովհետեւ միսիոներականութիւնը մարդկային կարողութիւններու պտուղը չէ, այլ կը պատկանի Աստուծոյ. Անոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է»։

Հակառակ համաճարակին համայն աշխարհին մէջ կը շարունակուին իրազեկութեան կոչերը՝ 18 հոկտեմբերին նախատեսուած դրամահաւաքին համար, ի նպաստ Քահանայապետական Միսիոներական գործունէութիւններուն։

Միսիոներական համաշխարհային օրուան ընթացքին համայն աշխարհի մէջ նախատեսուած են ձեռնարկներ, Ափրիկէն կը պատրաստուի աղօթքի կազմաւորումի եւ հանդիպման պահեր ապրելու, առանց մոռնալու Խօսքին հռչակումը կրօնաւորներու եւ միսիոներներու կղզիացած գիւղերուն տուած այցելութիւններով։

Չորս ցամաքամասերուն  մէջ Քահանայապետական Միսիոներական գործունէութիւնները մեծ յանձնառութեամբ կը պատրաստուին այդ օրուան հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց սատարը տալու ոչ միայն դրամական այլ նաեւ աղօթքներով։

Ի տես համաճարակին Միսիոներական Համաշխարհային օրը յատուկ կերպով կը  յիշատակուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու միջոցաւ,  ուր նախատեսուած են հաղորդակցութեան քարոզարշաւներ։ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին ապա Սուրբ Վարդարանի աղօթքը պիտի արտասանուի բազմաթիւ հասարակութիւններու կողմէ նաեւ առցանց մասնակցութեամբ։

7  հոկտեմբերին Ռատիօ Մարիամի միջոցաւ նախատեսեցուած է Համաշխարհային Սուրբ Վարդարան ձեռնարկը, որուն ընթացքին աշխարհի վրայ տարածուած այս Ռատիոյի միջոցաւ միասնաբար պիտի աղօթուի վարդարանը։

«Միսիոներական համաշխարհային օրը նշելը  կը նշանակէ վերահաստատել թէ ինչպէս աղօթքը, մտածականը, ու նուիրատուութիւններու նիւթական օգնութիւնը հնարաւորութիւններ են գործնականապէս մասնակից դառնալու Յիսուսի առաքութեան իր եկեղեցւոյ մէջ»։ նշուած է Ժողովուրդներու Աւետարանումին Ժողովի կողմէ այս առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2020, 09:02