Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհրդարանը 

Կարդինալ Փարոլին.«Եւրոպայի մէջ եկեղեցին կանչուած է յաւելեալ նուիրուածութեամբ կատարելու իր առաքելութիւնը»

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնախումին տարեկան ընդհանուր նիստի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնախումբի տարեկան ընդհանուր նիստին զրուցողներու շարքին եղաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Եպիսկոպոսներու տարեկան նիստը տեղի ունեցաւ առցանց։

Ունկնդրէ լուրը

Ելոյթին մէջ կարդինալ Փարոլին անդրադառնալով աշխարհը յուզող խնդիրներուն, նամանաւանդ համաճարակի առողջապահական տագնապէն տուժած երկիրներուն, վերահաստատեց Եւրոպայի մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, որ կանչուած է յաւելեալ նուիրուածութեամբ կատարելու իր առաքելութիւնը, փոխանցելով հաւատքի, միութեան, աջակցութեան ու յոյսի պատգամը։

Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնախումբի կարեւորութիւնը Եւրոպական միութեան ծոցէն ներս։ Յանձնախումբը  հինուած է 3 մարտ 1980ին, նպատակ ունենալով Եւրոպայի մէջ եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը խթանելու եւ պաշտպանելու հասարակաց բարիքը, Քրիստոսի Աւետարանի ուրախութեան լոյսին ներքոյ։

Կարդինալ Փարոլին ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եպիսկոպոսցաց ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն ուղղած նամակին պարունակութեան նշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութիւն է  շարունակել մտածել Եւպրոպայի ապագային համար, ցամաքամաս մը ուր կարեւոր դեր ունի մարդ անհատը իր արժանապատւութեամբ ու ազատութեամբ։ Այս առնչութեամբ կարիդնալ Փարոլին նշեց, որ Եւրոպայի մէջ քրիստոնէական վկայութիւնը հրամայական է ու ֆրանչիսկոս Պապի երազն է, որ Եւորպան դառնայ բարեկամ անձերուն, սիրէ անձը իր ճշմարտութեան մէջ եւ յարգէ անոր գերբնական արժանապատուութիւնը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ, որ անձը եւ հասարակութիւնը Եւրոպային հիմքն է. քրիստոնեաները կանչուած ու կարող են նպաստելու։ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնն է ցոյց տալ տարբեր մարդկութիւն մը որ կը ծնի աւետարանէն, եւ այս կատարելու համար անհրաժեշտ է սիրել անձը, յատուկէն այն անհատը որ ողբերգութեան մէջ կ՝ապրի, սիրել հիւանդներն ու գաղթականները։ Այդ սէրը մարդուն նկատմամբ կ՝իրականացուի եղբայրսիրութեան եւ աջակցութեան ժեսթերով ըսաւ կարիդինալ Փարոլին, ան ապա անհրաժեշտ նկատեց վերականգնել համաճարակէն յառաջացած ընկերային, առողջապահական հետեւանքները, երկար գործընթաց մը, որուն մէջ ներգրաւուած է, ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ խնդրուած  Վատիկանեան  Covid-19 յանձնախումբը։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ գաղթականութեան հարցին։ Ան ընդգծեց, որ պէտք է վերատեսել Տուպլինի կանոնակարգը։ Ան զրուզեց շրջակայ միջավայրի եւ կլիմայի հարցերուն մասին , ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը, որ է բնապահպանողական դարձի գալու անհրաժետութինը եւ յանձնառութիւն աղքատ եւ խոցելի ժողովուրդներուն ու ապագայի սերունդներու ի սպաս։ Կարդինալ Փարոլին յիշեց նեաւ Green Deal ծրագիրը։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը, Եւրոպայի եկեղեցիներու ուշադրութեան յանձնեց նաեւ, Եւրոպայի դրացի երկիրները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Եւրոպական միութեան։  Ի վերջոյ Կարդինալ Փարոլին յորդորեց եպիսկոպոսները չանտեսել յոյսերն ու երազները, յատուկէն երիտասարդներունը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2020, 11:30