Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ։ 

Կարդինալ Փարոլին. «Չինաստանի հետ պայմանագիրը բոլոր քահանայապետերուն կողմէ փնտռուած համաձայնութիւն է»։

Կարդինալ Փարոլին հերքեց Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր պայմանագիրի վերաբերեալ այն բոլոր քաղաքական մեկնաբանութիւնները, նշելով որ այդ պայմանագիրը զուտ հովուական ծառայութեան բնոյթ ունեցող պայմանագիր է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չինաստանի մէջ քահանայապետական միսիոներական հաստատութեան ներկայութեան 150 ամեակի առթիւ, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ուսումնաժողով մը կազմակերպութեամբ,  Քահանայապետական միսիոներական հաստատութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ուսումնաժողովին բացման արարողութեան զրուցեց նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարլոին։

Ծիրանաւորը իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադառնալով Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութեան միջեւ կնքուած ժամանակաւոր պայմանագիրին նշեց, թէ անիկա լոկ մեկնակէտ մըն է, որ մինչեւ այսօր պտուղներ տուաւ, եւ որպէսզի երկխօսութիւնը կարենայ արդիւնաբեր դառնայ, պէտք է որ զայն շարունակել։

Կարդինալ Փարոլին իր ելոյթին մէջ  նշեց, թէ Պիոս ԺԱ Պապէն սկսեալ Սուրբ Աթոռը երկխօսութեան պահանջը զգաց, հակառակ, որ այդ ժամանակուան պայմանները դժուար էին ։ Երկխօսութեան ուղին բացուեցաւ ութսունական թուականներուն։ Պօղօս Զ Պապէն սկսեալ մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապ  քահանայապետերը ցոյց տուին, թէ թիւրիմացութեան ծանրվիճակը, ոչ մէկ օգուտ կը բերէ ըլլայ Չինաստանի Իշխանութիւններուն, ըլլայ Սուրբ Սթոռին։ Նոյնինքն Պենետիտկոս ԺԶ պապը վաւերացուց Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներուն անուանումի հայող պայմանագիր ծրագիրը։

Կարդինալ Փարոլին ապա հերքեց Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր պայմանագիրի այն բոլոր քաղաքական մեկնաբանութիւնները նշելով, որ այդ պայմանագիրը զուտ հովուական ծառայութեան բնոյթ ունեցող պայմանագիր է եւ բոլոր սխալ մեկնաբանութիւնները,  թիւրիմացութիւններ կը ծնին Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած պայմանագիրին սխալ նպատակներ վերագրելէն։

Կարդինալ Փարոլին անգամ եւս շեշտեց, որ 22 սեպտեմբեր 2018ին, ստորագրուած պայմանագիրը կը հայի բացառապէս եպիկոպոսներու անուանումին։ Սուրբ Աթոռը քաջատեղեակ է Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ կեանքի հարցերուն։ Սակայն կարելի չէ զանոնք դիմագրաւել բոլորը միասին  եւ քաջ գիտենք որ բնականոնացումի ուղին երկար է ինչպէս ,որ Պենետիսկիտո ԺԶ Պապը նախատեսած էր 2007ին։ Ըսաւ կարդինալ Փարոլին։

Վատիկանի պետական քարտուղարդ նկատել տուաւ, որ  Չինաստանի մէջ Եկեղեցւոյ ամենէն մեծ տառապանք պատճառող հարցը կը հայի եպիսկոպոսներուն անուանումին։ Ան նշեց թէ Տասնեակ տարիներէ ետք,  առաջին անգամուան համար, այսօր Չինաստանի բոլոր եպիսկոպոսները հաղորդութեան մէջ են Հռոմի եպիսկոպոսին  հետ։

Կարդինալ Փարոլին եզրափակեց իր ելոթը դիտել տալով, որ ժամանակաւոր պայմանագիրը լոկ մեկնակէտ մըն է եւ որպէսզի երկխօսութիւնը կարենայ արդիւնաբեր դառնայ, պէտք է որ այդ պայմանագիրը շարունակուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2020, 11:30