Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Վատիկան. փոխըմբռնման նոր յուշագիր կաշառակերութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ։

Մեկնաբանելով փոխըմբռնման յուշագիրը ՝ տիար Ալեսանտրօ Կասինիս ըսաւ, որ «դա առաւել շօշափելի գործողութիւն է, որ ցոյց կու տայ Սուրբ Աթոռի կամքը ՝ կանխելու և պայքարելու կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի տնտեսութեան քարտուղարութեան ընդհանուր կառավարիչ, հայր Խուան Անթոնիօ Կուերռերօ եւ , միւնոյն քարտուղարութեան ժամանակաւոր ընդհանուր հսկիչ տիար Ալեստանրօ Քասինիս Ռիկինին ստորագրեցին փոխըբռնման յուշագիր մը կաշառակերութեան դէմ պայքարին ոլորտէն ներս։» Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի, թէ Սուրբ Աթոռի երկու իշխանութիւնները, աւելի սերտօրէն պիտի համագործակցին կաշառակերութեան վտանգները յայտնաբերելու, եւ Սուրբ Աթոռի ու Վատիկան քաղաքի պետութեան հանրային պայմանագրերու, թափանցիկութեան, վերահսկողութեան ու մրցակցութեան կանոնները արդիւնաւէտ իրականացման համար։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով փոխըմբռնման յուշագիրը ՝ տիար Ալեսանտրօ Կասինիս ըսաւ, որ «դա առաւել շօշափելի գործողութիւն է, որ ցոյց կու տայ Սուրբ Աթոռի կամքը ՝ կանխելու և պայքարելու կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ,  Վատիկանի քաղաքի պետութենէն ներս կամ դուրս , որ արդեն  վերջին ամիսներուն  հանգեցուցած  են կարևոր արդիւնքներու իրականացման։

Իր կարգին  հայր Կուերերօ շեշտեց, որ «կաշառակերութեան դէմ պայքարը, բացի բարոյական, արդարադատութեան  պարտաւորութիւն ըլլալէ անդին, ան  թոյլտուութիւն կու տայ  պայքարելու  մսխումի  դէմ նամանաւանդ այս դժուար պահուն՝ համաճարակի տնտեսական հետևանքների պատճառով, որոնք կ՝ազդեն ամբողջ աշխարհի վրայ  եւ կը հարուածէ յատկապէս  դիւրաբեկները, ինչպէս միշտ կը յիշէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2020, 10:13