Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ 

Արք. Իվան Եուրքովիչ.«Մարդու իրաւունքներու պայմանագրերու վերաբերեալ անհրաժեշտ է խիստ մեկնաբանութիւն»։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը մտահոգութիւն յայտնեց այն գծով,  որ յաճախ պետական մարմինները մեկնաբանելով մարդու իրաւունքներու պայմանագիրերը կը ներմուծեն նոր գաղափարներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդու իրաւունքներու մասին պայմանագրերը պէտք են խստօրէն մեկնաբանուին։ Որեւէ մեկնաբանութիւն որ դուրս է  ասկէ , վնասակար եւ անարդիւնաւէտ է։ Այս մասին հաստատեց, Ճընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ,ՄԱԿ- ի մարդու իրաւունքներուն պայմանագրերու պետական մարմիններու համակարգի վերանայման գործընթացին մասին , ոչ պաշտօնական խորհրդակցութիւններուն  ընթացքին իր ունեցած ելոթին մէջ

Ունկնդրէ լուրը

Պէտք չէ վտանգել վաւերացման արժէքը

Գերապայծառ Եուրքովիչ վկայակոչելով պետութիւններու միջեւ «ինտերակտիւ երկխօսութիւն»ը վերահատատեց  որ առանց ասոր, որեւէ ընդլայնումի կամ պայմանագրուած պետութեան մը պարտականութիւններուն բովանդակութեան փոփոխութիւնը, կը խախտէ անոր վաւերացման արժէքը ,կոչ ուղղելով երաշխաւորելու  պայմանագրերու վերաբերեալ  պետական մարմիններու կողմէ ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ միջազգային իրաւունքներու միջեւ հետեւողականութիւնը։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ մտահոգութիւն յայտնեց այն գծով,  որ յաճախ  պետական մարմինները  մեկնաբանելով պայմանագիրերը կը ներմուծեն նոր գաղափարներ։ Ան անհրաժեշտ նկատեց խիստ մեկնաբանութիւն, հիմնուելով 1969ին, Վիենային մէջ ստորագրուած  պայմանագրերու իրաւունքներու վերաբերեալ օրէնքին վրայ։  

Արքեպիսկոս Եուրքովիչ յորդորեց յարգել ՄԱԿի թիւ 68/268 բանաձեւը,որ ընդունուած է 2014ին, որուն նպատակն է ամրապնդել եւ բարելաւել, Մարդու իրաւունքներուն պայմանագրերու վերաբերեալ պետական մարմիններուն գործողութեան արդիւնաւէտութեան համակարգը, որուն թիւ 6 պարբերութիւնը խորհուրդ կու տայ մշտական երկխօսութիւն կատարել պայմանագրուած երկիներու միջեւ, հաշուի առնելով համապատասխան կոմիտէներուն առանձնայատկութիւնները ու ինչպէս նաեւ պետութիւններուն տեսակէտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2020, 10:18