Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Աքիլլէ Սիլվեսթրինի 

Կարդինալ Սիլվեսթրինին, Վատիկանի Եւրոպայի արեւելեան երկիրներու քաղաքականութեան ճարտարապետը։

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ Հելսինքիի պայմանագիրին 45 ամեակի առթիւ կազմակերպուած դասախօսութեան ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ելոթ ունեցաւ, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած, Ամերիկիոյ եւ Դաշնակցային Ռուսիոյ միջեւ  կնքուած «Հելսինքի» պայմանագիրի 45 ամեակի առթիւ կազմակերպուած դասախօսութեան ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ յիշեց Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի կառավարիչը՝ Կարդինալ Աքիլլէ Սիվեսթրինին, նկատելով զայն Վատիկանեան «Östpolitik» եւրոպայի Արեւելեան երկիրներու քաղաքականութեան գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը  եւ Արեւելեան եւրոպայի տանջուած համայնքներուն հետ առաջին շփումներ հաստատողը»  աւելցնելով, որ կարդինալ Սիլվեսթրինիին գործունէութեան ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ Սուրբ Պօղոս Զ Պապին Ecclesiam Suam շրջաբերականը, որուն մէջ քահանայապետը կը քաջալերէ երբեք չյուսահատիլ,  որ օրին մէկը այդ վարչակարգերը կրնան եկեղեցւոյ հետ դրական երկխօսութիւն հաստատել։ Ըսաւ կարդինալ Փարոլինը ընդգծելով «Հելսինքի» պայմանագիրի ծիրէն ներս Կարդինալ Սիլվեսթրինիին կատարած դիւանագիտական նուրբ պարտականութիւնը, զոր կատարած է մարդկային եւ քրիստոնէական զգայնութեամբ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց, մինչեւ 1960 թուականներու սկիզբը, հալածանքներով, քայքայումներով , եկեղեցւոյ ու կրօնքի գոյութեան դէմ  մղուած պայքարներով բնորոշուած պատմական ժամանակաշրջանին.

«Յետ դատապարտումներուն, զրպարտութիւններուն եւ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ձերբակալութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի արեւելեան համայնավար երկիրներուն հետ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական կապերու խզման, սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ  «համբերութեան նահատակութիւնը» , զոր եկեղեցին առաջնորդեց ընկալելու որեւէ յոյսի նշոյլ, առաջնորդելով նաեւ Կարդինալ Սիլվեսթրինին ու Քազարոլին, այդ  կարգ մը երկիրներուն մէջ ցաւալի ուխտագնացութիւններ կատարելու ինչպէս՝  Հունգարիոյ, Չեքոսլովաքիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ հելսինքիին համագումարը։

Դա «դանդաղ», բայց համարձակ և հիմնաւորուած գործընթաց էր, յիշեց կարդինալ Փարոլին , որուն զգալի ժեսթերը անպակաս եղան եւ որոնց շարքին են սովետական ​​միութեան  ջանքերով, Սուրբ Աթոռի անդամակցութիւնը միջուկային զէնքի չտարածման համաձայնագիրին։

Հելսինքի պայմանագիրէն սկսեալ սկիզբ առաւ դէպի կրօնական ազատութեան եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու  կիրարկման ճանապարհը ըսաւ կարդինալ Փարոլին աւելցնելով որ Հելսինքիին համաժողովը պատմութեան այն պահերէն մին է, որուն մասին օգտագործելով ֆրանչիսկոս Պապին հարազատ արտայայտութիւնը կրնանք ըսել թէ այդ պատմական պահուն գլխաւոր դերակատարները աւելի շատ մտահոգուած էին գործընթացներ նախաձեռնելու քան տարածքներուն գրաւելու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 11:34