Կարդինալ Թակլէ «Համաճարակի օրերուն վերագտնենք Սրբուհի Մայր Թերեզա Քալքութայի ոգին։

Սրբուհի մայր Թերեզային ամբողջ կեանքը բնորոշուած էր յետին աղքատներուն ծառայութեամբ։ Անոր օրինակը երբեք պիտի չդադրի հրապուրելէ մարդկութիւնը՝ հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սրբուհի Թերեզա Քալքութային տօնին առիթով, Միջազգային Քարիթասի նախագահ, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Վատիկան Նիւզի հետ կիսեց խորհրդածութիւմ մը՝ աղքատներու մօր, եղբայրսիրութեան տիպար, Մայր թերեզային մասին, խորհրդածութիւն մը որմէ կրնանք օգուտ քաղել՝ համաճարակի տագնապի դժուար օրերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդածութեան մէջ կարդինալ Թակլէ կը նշէ թէ. Սրբուհի մայր Թերեզան իր  ամբողջ կեանքը  բնորոշուած էր  յետին աղքատներուն ծառայութեամբ։ Անոր օրինակը երբեք պիտի չդադրի հրապուրելէ մարդկութիւնը՝ հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները։

Ծիրանաւորը իբրեւ շօշափելի  նշան ՝ Վերջիններուն սրբուհիին գերմարդկային ուժին, թուած է  այն է իրողութիւնը, թէ  անոր մահուան յիշատակի օրը որ տեղի ունեցաւ 5 սեպտեմբեր 1997 ին, եւ որուն ծիսական տօնը կը նշուի նոյն օրը, Միացեալ Ազգերը այդ օրը որոշեցին յիշատակել  եղբայրսիրութեան միջազգային օրը, ծրագիր մը որ հաստատուած է ՄԱԿ ի կողմէ՝ 17 սեպտեմբեր 2012 թուակիր բանաձեւով , որուն մէջ Սրբուհի Մայր թերեզան  Ներկայացուած է  կարիքաւորներուն նկատմամբ սիրոյ տիպար։

Կարդինալ Թակլէ խորհրդածութեան մէջ կը նշէ, թէ Միացեալ Ազգերը գիտակցելով , որ ընկերային համախմբութեան եւ խաղաղութեան կերտման առանցքը եղբայրսիրութիւնէ  է ,  մտադիր է շարժումի մէջ դնել  անձերն ու կազմակերպութիւնները,  օգնելու համար  կարիքաւորներուն՝ եղբայրսիրական գործունէութիւններով։ Ասոր համար Եկեղեցւոյ համարյոյժ կարեւոր է  5 սեպտեմբեր թուականի ընտրանքը՝ որ է Մայր թերեզայի մահուան թուականը, կին մը որ  ճանչցուած է համայն աշխարհի մէջ, խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիր եղած է, եւ ունէր որպէս միակ առաքելութիւն,, ծառայել աղքատներուն։

Կարդինալ Թակլէ ապա նկատել կու տայ  թէ Մայր Թերեզան , Միջազգային Քարիթասի պաշտպան սուրրերուն մէկն է։   1950 թուականին, Մայր Թերզեզայի կողմէ հիմնուած կրօնաւորուհիներու ՝«սիրոյ առաքելուհիներօ  միբանութեան միջոցաւ Մայր Թերեզային  եղբայրսիրութեան ծառայութիւններ կը շարունակեն հասանելի ըլլալ  համայն աշխարհի աղքատներուն։

Սրբուհի Թերեզային համար, եղբայրսիրութիւնը կը կայանայ փոքր ժեսթերու մէջ ՝ի սպաս ուրիշներուն բարիքին։ Սակայն իսկական եղբայրսիրական գործերը, յառաջ կու գան լոկ եղբայրասէր անձէ մը։ Եղբայրսիրութեան , սիրոյ  վերջին աղբիւրը  Աստուած  է,մեր եր Կենդանի Աստուածը։  Աստուած Սէր է կը կարդանք Յովհաննէսի թուղթերուն մէջ։ Սէրը Աստուծոյ անուն է։ Աստուած կեանք կը պարգեւէ , կը ներէ մեղաւորները, , կը պաշտպանէ տկարները, կը տառապի աղքատներուն հետ, լքուածներուն կ՝ընկերանայ։ նշած է խորհդածութեան մէջ ծիրանաւոր աւեցնելով
Յիսուսի մէջ Աստուծոյ սէրը մահուան յաղթեց։ Իւրաքանչիւր մարդկային անձ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն՝ դառնալու համար Աստուծոյ սիրոյ դիմագիծը աշխարհին մէջ։Սրբուհի Թերեզան Աստուծոյ թոյլ տուաւ,  որ իր անձը կերպարանափոխէ ու վերածէ  Աստուծոյ սիրոյ գործիքի մը՝ Աղքատներու համար։

Միջազգային Քարիլասի կառավարիչ ,որ է նաեւ Ժողովուրդներուն աւետարանումի կառավարիչ,՝ կարդինալ Թակլէ ի վերջով խորհրդածութեան մէջ մատնանիշ կ՝ընէ  ,թէ ինչպէս Սրբուհի Թերեզային օրինակը կրնայ մեզ օգնել յաղթահարելու  համար Քովիտ 19էն յառաջացուած մարտահրաւէրները։
Ամէնքս կանչուած ենք եղբայրսիրութեան գործեր կատարել՝ աղքատութեան մեղմացման եւ խաղաղութեան կերտման ի սպաս։

Խորհրդածութեան աւարտին կարդինալ Թակլէ  հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալ արդեօք համաճարակը մեր մէջ արթնցուց սիրոյ զգագումը կամ ալ մեզ անտարբեր դարձուց։ Այսօր քան երբեք կարիքը ունինք հարազատ սիրոյ, հարազատ անձերու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2020, 10:29