Սուրբ Քուրէ Տ՝Արսը Սուրբ Քուրէ Տ՝Արսը 

Կարդինալ Փարոլին «Աղօթք, առաքելութիւն եւ եղբայրութիւն, 21 դարու քահանաներուն մէջ»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի դասախօսութիւնը, Քուրէ Տ՝Արսի ծիսական տօնին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ժան Մարի Վիաննէ՝ Սուրբ «Քիւրէ Տ՛Արսին ծիսական տօնին առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար,  կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին այցելեց Սուրբին ծննդավայրը, որուն ծիրէն ներս Պատարագ մատուցեց Քիւրէ Տ՛Արսի Սրբավայրին մէջ , ապա դասախօսութիւն մը տուաւ, ունենալով որպէս նիւթ « Ֆրանչիսկոս Պապն ու քահանաները ուղեւորութեան մէջ,  Աստուծոյ ժողովուրդի հետ»։ Ծիրանաւորին դասախօսութեան առանցք կազմեց Քահանայապետին եւ հովիւններու միջեւ յարաբարեութիւնը, Քիւրէ Տ՛Արսի լոյսին ներքոյ, սկզբունքներ, որոնք ուղեցոց են  21-րդ դարուն քահանայաին հովուական ծառայութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքը։

«Քիւրէ Տ՛Արսի կեանքը միշտ յատկանշուած էր աղօթքով։ Ան ժամեր կ՝անցնէր տապանակին դիմաց։Աղօթքը  անհրաժետշ է մեր հաւատարմութիւնը աճեցնելու համար։»ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, շետելով, որ աղօթքը ունի նաեւ հովուական ծառայութեան նպատակ մը,  որովհետեւ քահանանները, աղօթք ու զոհ կը նուրիեն իրենց ժողովուրդին ու համայն Աստուծոյ ժողովուրդին  ինչպէս  յիշած է  ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներուն ուղղած նամակին մէջ՝ հրապարակուած տարի մը առաջ։

Ոչխարները փնտռող քահանայ ։

Քուրէ Տ՝արսը քահանայ մըն էր, որ գիտէր դուրս գալ՝ փնտռելու համար իր ոչխարները եւ կառուցելու իր հօտը, քարոզելով քրիստոնէական վարդապետութիւն ուսուցանելով եւ սուրբ Պատարագ մատուցանելով։


Ծիրանաւորը  դասախօութեան մէջ շետշը դրաւ քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումին վրայ։ Ան յիշեց ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը, ուր կը  շետէ քարոզներու որակը, յորդորելով քահանաները, որ միշտ պատրաստեն իրենց քարոզները։  Քուրս Տ՝Արս գիւղաքաղաքի բնակիչները կը լսէին իրենց ժողովրդապետին ձայնը, երբ՝ ան կը կրկնէր իր պատրաստած քարոզը։ ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։


Խոստովանանքը եւ աղքատները։  Քուրէ Տարսը մեծ խոստովանահայր մըն էր։

«Սուրբ Քուրէ Տ՝Արսին անսալու, խրատելու, ողորմածութեան արուեստը,  միշտ հրապուրած է  զղջացողները։ Խոստովանանքի խորհուրդը ողորմածութեան խորհուրդն է։ կ՝ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Շատ մը հաւատացեալներ քիչ կը խոստովանին, կամ ալ երբեք չեն խոստովանիր։ Քահանաները պէտք է, որ համբերատար ըլլան եւ շեշտեն քրիստոնէական ուսուցումին վրայ, բացայատելու համար խոստովանանքի խորհուրդի էականը»։ Ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։

Ընկալել աղքատները։

Ան ապա զրուցեց Քուրէ Տ՝Արսի ստեղծագործիչ սիրոյ մասին, ընդգծելով որ ֆրանչիսկոս Պապ միշտ կը փափաքի կառուցեալ  աղքատներուն համար եկեղեցի մը։ Կարդինալ Փարոլին ապա հրաւիրեց ժողովրդապետութիւնները, քահանաները, եւ հասարակութիւնները միշտ որդեգրել աղքատներուն համար նախընտրանքը,  ամրապնդել եղբայրական կեանքը, ի միտի ունենալով երիտասարդները, որոնք տեսնելով այդ եղբայրական կեանքը դիւրինութեամբ պիտի պատասխանեն Տիրոջ կոչին։

Աստուծոյ քնքշութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին տուած դասախօսութեան մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին յիշելով Սուրբ Քուրէ Տ՝Արսին խօսքը  «Սուրբ Կոյսին մէջ միշտ կայ ողորմածութիւնը։ Սրբուհի Մարիամը ողորմածութեան ակնաղբիւրն ու ծաղկամանն է ։ Սուրբ Կոյսը կ՝ուսուցանէ, թէ միակ ուժը զոր կրնայ գրաւել մարդոց սիրտը Աստուծոյ քնքշութիւնն է։

Ի վերջոյ ծիրանաւորը հրաւիրեց քահանաները, որ Սուրբ Քուրէ Տ՝Արսի տօնին օրը, աւելի բարիացակամ ըլլան իրենց հաւատացեալներուն նկատմամբ, ամոքելով վէրքերը եւ մխիթարելով տկարներուն եւ խոցելիներուն սիրտը։

Ան յիշեց նաեւ աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաները, յորդորելով չմոռնալ ու ապաւինիլ Սուրբ Հոգիին, «որովհետեւ լոկ Անոր միջոցաւ է, որ պիտի կարենանք յաղթահարել չարն դժուարութիւնները։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2020, 10:59