2020.08.03 Maximino Caballero, nuovo Segretario della SPE (Segreteria per l'Economia della Santa Sede), 4 agosto 2020 2020.08.03 Maximino Caballero, nuovo Segretario della SPE (Segreteria per l'Economia della Santa Sede), 4 agosto 2020 

Քահանապետական անուանում. Տիար Մաքսիմինօ Քապալլերօ Լետօ՝ Վատիկանի տնտեսութեան նոր քարտուղար։

«Աշխարականները մեծ պարտականութիւն ունին կատարելիք եկեղեցւոյ մէջ։ Բոլորս միեւնոյն մարմնին անդամներն են եւ ունինք մեր առաքելութիւնը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 4 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի տնտեսութեան նոր քարտուղար նշանակեց աշխարական, ծագումով Սպանացի, տիար Մաքսիմինօ Քապալլերօ Լետոն։

Ունկնդրէ լուրը

Ընտանիքի հայր եւ երկու զաւակի տէր, նորանշանակ քարտուղարը մասնագէտ է տնտեսագիտութեան մէջ ։ Ան մինչեւ օրս աշխատած է որպէս պատասխանատու Ամերիկեան Baxter Healthcare Inc.ընկերութեան  մէջ։
Տիար Քապալլերօ Վատիկանի տնտեսութեան քարտուղարութեան նոր պաշտօնով պիտի սկսի գործէ 15 օգոստոսէն սկսեալ։

Վատիկանի Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,Վատիկանի տնտեսութեան նորանշանակ քարտուղարը յայտնեց, թէ ինք երբեք չէր երեւակայեր, թէ պիտի ստանձնէր նման պաշտօն մը։

Ան ծնած է Սպանիոյ Մերիտա քաղաքին մէջ, 1959 թուականին։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։ Մատրիտի համալսարանին մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն ապա մասնագիտացած է նոյն ճիւղին մէջ Պարսելլոնայի համասպրանէն ներս։  Պարսելլոնայի եւ Վալենսիայի մէջ 20 տարի գործելէ ետք, 2007ին ընտանեօք փոխադրուած է Ամերիկա ուր վարած է տնտեսութեան ծիրէն ներս տարբեր կարեւոր պաշտօններ։

«Տարածուած մտածում է, թէ եկեղեցին միայն քահանաներուն եւ մայրապետներուն հարց մըն է եւ մենք լոկ հանդիսատեսներ։ Արդարեւ աշխարականները մեծ պարտականութիւն ունին կատարելիք եկեղեցւոյ մէջ։ Բոլորս միեւնոյն մարմնին անդամներն են եւ ունինք մեր առաքելութիւնը»։Այսպէս արտայայտուեցաւ Տիար Մաքսիմինօ Վատիկանի Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին աւելցնելով թէ իրեն համար մեծ պատասխանատուութիւն եւ պատիւ մըն է Սուրբ Աթոռին հետ համագործակցիլն ու Պապին ծառայելը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 11:56