Արժանթինի մէջ Քորոնա Վիրուս Արժանթինի մէջ Քորոնա Վիրուս 

Համաճարակի յարուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց Ֆրանչիսկոս Պապին սիրոյ ժեսթը։

Բարեսիրական կազմակերպութիւնը ,ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին սննդեղէնին 30 ծրագիրներ իրականացուցած է Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու աւելի քան 23 երկիրներուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Fondazione Populorum Progressio» եկեղեցական բարեսիրական  հաստատութեան շնորհիւ, Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներուն աւելի քան  23 երկիրներուն մէջ, իրականացուած են 168 նոր ծրագիրներ, յաղթահարելու  համար Քորոնա Ժահրէն յառաջացած դժուարութիւնները։ Այս մասին հաղորդեց վերոնշեալ հիմնարկը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ «Քովիտ 19ին յարուցած տագնապը արգելք չհանդիսացաւ գումարելու «Fondazione Populorum Progressio» տարեկան ընդհանուր նիստը, որ տեղի ունեցաւ առցանց, անցեալ  29 - 30 յուլիս 2020-ին, եւ որուն ընթացին քննարկուեցան Լատին Ամերիկիոյ մէջ համաճարակի հարցերն ու տագնապը դիմագրաւելու, հասարակութիւններուն եւ կարգ մը կառոյցներուն կողմէ ներկայացուած, աւելի քան 138 ծրագիրները նպատակաուղղուած կարիքաւորներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ բարեսիրական կազմակերպութիւնը ,ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին   սննդեղէնին 30 ծրագիրներ իրականացուցած է Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու աւելի քան 23 երկիրներուն մէջ։

«Fondazione Populorum Progressio» հիմնարկի տարեկան ընդհանուր նիստին ելոյթ ունեցած է նաեւ Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի նախագահ, Կարդինալ Փիթեր Ք.Ա Թուրքսոն, որ է նաեւ նախագահը  »Fondazione Populorum Progressio» հիմնարկին, ան շնորհակալութիւն յայտնած ու քաջալերած է հիմնարկի անդամները շարունակելու իրենց  ազնուական գործը  ի նպաստ կարիքաւորներուն։

«Համաշխարհին տագնապի դժուարին օրերուն, վերոնշեալ բարեսիրական ծրագիրները, համայն քրիստոնեաներուն հրաւէր  է սիրոյ առաքինութիւնները ապրելու եւ ընդառաջելու Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին,  որ է ոչ մի անձ ետին ձգել։» նշուած է բարեսիրական կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 14:08