Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապը Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապը 

Յովհաննէս Պօղոս Ա պապին քահանայապետ ընտրուելու 42-րդ տարեդարձը։

23 նոյեմբեր 2003,ին Լուչիանի Պապին վախճանումէն 25 տարի ետք, Պելլունօ քաղաքի մայր տաճարի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապի սրբադասման դատին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

42 տարի առաջ, օգոստոս 26ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին ժպտուն դէմքով յայտնուեցաւ Պօղոս Զ Պապին յաջորդը՝ Վենետիկի  պատրիարք, գերապայծառ Ալպինօ Լուչիանին, ընտրուելով որպէս քահանայապետ, ծիրանաւորներու Պապ ընտրելու չորրորդ նիստին  եւ ստանալով Յովհհաննէս Պօղոս Ա անունը, առ ի յարգանք իր անմիջական նախորդ Քահայնայապետերուն։  

Ունկնդրէ լուրը

«Ոչ մէկը կ՝երեւակայէր ,որ Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապին քահայանայապետութեան ժամանակաշրջանը կարճ պիտի տեւէր։ 42 տարի ետք, ժամանակահատուածի մը մէջ, ուր Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը թիրախ է քննադատութիւններուն եւ յարձակումներու, արժանի է յիշել կարգ մը խօսքեր Ալպինօ Լուչանիէն երբ։ Ան, որպէս եպիսկոպոս անդամ էր Վատիկանեան տիեզերական ժողովին։ Այս մասին գրած է Վատիկան Նիւզի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի, Ալպինի Լուչանիոյի քահանայապետ ընտրուեու 42 տարեդարձի առթիւ հրապարակած խմբագրականի մէջ։

«Տիեզերական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն,Գերապայծառ Լուչիանի երեք չէ դադրած իր կարծիքները յայտնելէ։ Ան որպէս եպիսկոպոս մասնկացած է ժողովի նիստերուն, ուշադրութեամբ ունկնդրելով ելոյթները։ Գերայպածառ Լուչիանի երբեք ելոյթ չէ ունեցած սակայն  ամբողջ էջեր տեղեկութիւններով լեցուցած է ։ Ան վերատեսած եւ աչքէ անցուցած է կարգ մը Աստուածաբաններու գիրքերը եւ ստէպ տեղեակ պահած է իր թեմի հաւատացեալները տիեզերական ժողովին մասին։

Գրութիւններուն մէջ Լուչիանի եպիսկոպոսը միշտ ընդգծած է, որ Տիեզերական Ժողովին գլխաւոր դերակատարը,  Սուրբ Հոգին է, որ Իր հոգատարութեամբ միշտ ներկայ է Ժողովներուն, զերծ պահելու համար Քրիստոնէական վարդապետութեան սխալներէն։ Գրած է խմբագրականի մէջ տիար Անտրէա Թորնիելլին։

Յայտնենք, թէ 23 նոյեմբեր 2003,ին Լուչիանի Պապին վախճանումէն 25 տարի ետք, Պելլունօ քաղաքի մայր տաճարի մէջ  հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապի սրբադասման դատին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 12:53