Մարդավաճառութեան զոհ Մարդավաճառութեան զոհ 

Սուրբ Աթոռը «Պաշտպանել մարդավաճառութեան զոհերուն մարդկային հիմնական իրաւունքները»։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը ընդհանուր ակնարկ կատարեց մարդավաճառութեան ապօրինի գործողութիւններուն, յայտնելով թէ այդ գործողութիւնները աշխարհի ամենաշահաւէտ գործողութիւններէն մին է ու անոնց գործադրողները յաճախ չեն պատժուած։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ մարդավաճառութեան դէմ պայքարող միջազգային կազմակերպութիւններուն, համագործակցութեամբ ԵԱՀԿի, 20էն- 22 յուլիս 2020ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Վերջ դնել անպատժելիութեան, յարգել արդարադատութիւնը, հետապնդելով մարդավաճառները», նիւթով վեհաժողով մը, որուն իր մասնակցութիւնը  բերաւ Վիեննայի մէջ գտնուող մարդավաճառութեան դէմ միջազգային կազմակերպութեան մօտ սուրբ Աթոռի մնայուն դէն գերապայծառ Ժոզէֆ Կրէք։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ վատիկանի դիւանագէտը ընդհանուր ակնարկ կատարեց մարդավաճառութեան ապօրինի  գործողութիւններուն մասին, յայտնելով թէ այդ գործողութիւնները աշխարհի ամենաշահաւէտ գործողութիւններէն մին է ու անոնց գործադրողները յաճախ չեն պատժուած։

Ան նշեց թէ, մարդավաճառութեան թիրախ զոհերու թիւը աճ արձանգրած է հասնելով շուրջ 40 միլոնի, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ են, ինչպէս նաեւ մանուկներ ու այրեր, որոնք շահագործուած են որպէս առարկայ եւ ենթարկուած  ստրկութեան։

Գերապայծառ Ժոզէֆ Կրէք դիտել տուաւ, որ մարդավաճառութեան յանցագործները յաճախ անպատիժ մնացած  են. 2154 զոհերուն միայն մէկ մարդավաճառութեան յանգագործը պատժուած ու դատապարտուած է,  հակառակ որ  ազգային եւ միջազգային հաստութիւնները եւ կազմակերպութիւնները բացմապատկած են այդ երեւոյթին դէմ տարած աշխատանքները։

Գերապայծառը յորդորեց ամէն ջանք թափել ,վերջ դնելու համար անապատժելիութեան, ապահովուուելով  արդարադատութիւն՝ զոհերուն ու յարգելով անոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, մարդավաճառութեան երեւոյթին դէմ պայքարելու ծիրէն ներս հրատապ նկատեց բազմապատկել միջ պետական ջանքերը, տեղեկութիւններուն փոխանցմամբ, պետութիւններուն ոստիկաններու միջեւ գործակցութեան՝ Ինփերփոլի եւ Եւրոփոլի միջոցաւ։

Ան ապա ընդգծեց, թէ մարդավաճառութեան զոհերուն համար արդարադատութեան ձեռք բերելը, պէտք չէ որ  լոկ դատական նպատակը ըլլայ՝մարդավաճառութեան յանցագործներուն նկատմամբ, այլ պէտք է , որ զոհերու մարդկային  իրաւունքները երաշխաւորուի, դատավարութիւններէն առաջ, ընթացին եւ դատավարութենէն  ետք։

Ելոյթի աւարտին գերապայծառ Կրէք վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի մարդավաճառութեան դէմ պայքարին ծիրէն ներս որդեգրած դիրքը, որ կը կայանայ յարգելու մէջ զոհերուն մարդկային իրաւունքներն ու  արժանապատուութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/07/2020, 14:08