«Եկեղեցւոյ մէջ բոլորին համար տեղ կայ» «Եկեղեցւոյ մէջ բոլորին համար տեղ կայ»  

«Եկեղեցւոյ մէջ բոլորին համար տեղ կայ» Կղերի Ժողովին յանձնարարական փաստաթուղթը։

«Ծխական համայնքի հովուական դարձը եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան ծառայութեան մէջ»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

20 Յուլիս 2020-ին Կղերի Ժողովը հրապարակեց՝ 29 յունիս թուակիր յանձնարարական փաստաթուղթ մը, որ կը հայի ժողովրդապետական հասարակութիւններուն ու անոնց մասնակցութեան՝ եկեղեցւոյ աւետարանութեան առաքելութեան։ 

Ունկնդրէ լուրը

Փաստաթուղթը կը յիշեցնէ թէ « Եկեղեցւոյ մէջ բոլորն ալ տեղ ունին եւ բոլորը կարող են իրենց տեղը գտնել» Աստուծոյ միակ ընտանիքին մէջ, յարգելով իւրաքանչիւրի կոչումը։ 

Այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ Կղերի Ժողովը կը նշէ թէ այս իրաւա-հովուական «գործիքի» շարադրումը անհրաժեշտ դարձաւ ի տես բազմաթիւ եպիսկոպոսներու ներկայացուցած խնդրանքին հայող թեմերու եւ ժողովրդապետութիւններու վերակազմակերպումին ու բարեփոխումներուն։

Փաստաթուղթին նպատակն է սատարել արդեն ի գործ դրուած եւ Աստուծոյ  ժողովուրդի կողմէ փորձարկուած հովուական ընտրանքներուն։ Այս ուղղութեամբ ընդգծուած է ժողովրդապետի դերը՝ որպէս հասարակութեան «Հովիւ», սակայն արժեւորուած է նաեւ հովուական ծառայութիւնը՝ կապուած սարկաւագներու, նուիրեալ անձերու եւ աշխարականներու ներկայութեան որոնք կանչուած են՝ ամէն մին իր կոչումին համաձայն,  գործնականապէս  մասնակցելու Եկեղեցւոյ աւետարանութեան միակ առաքելութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2020, 09:17