Պաղեստինցիներու ցոյցեր Պաղեստինցիներու ցոյցեր 

Սուրբ Աթոռը ԱՄՆ-ին եւ Իսրայէլին. Մերձաւոր Արևելքի մէջ խաղաղութիւնը սպառնալիքի տակ է միակողմանի գործողութիւններու բերումով։

Սուրբ Աթոռը կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն որպէսզի յանձնառու ըլլան վերաբանալու ուղիղ բանակցութեան ճանապարհը, հիմնուելով ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձևերուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիս մէկի երեկեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացուի թէ Վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար, հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դեսպաններուն հետ, անոնց յայտնելու համար Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը՝  հնարաւոր միակողմանի գործողութիւններու նկատմամբ, որոնք կարող են աւելիով վտանգի ենթարկել Իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան որոնումը եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նուրբ իրավիճակը:

Ինչպէս յայտարարուած էր 20 Նոյեմբեր 2019-ին եւ 20 մայիս 2020-ին Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ թէ Իսրայէլի Պետութիւնը եւ Պաղեստինի Պետութիւնը իրաւունք ունին գոյութիւն ունենալու եւ ապրելու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ, միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած սահմաններով։

Սուրբ Աթոռը ուստի կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ որպէսզի յանձնառու ըլլան վերաբանալու ուղիղ բանակցութեան ճանապարհը, հիմնուելով ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձևերուն վրայ, որդեգրելով միջոցառումներ՝  որոնք նպաստեն վերականգնելու փոխադարձ վստահութիւնը, յանձն  առնելով քաջութիւնը ունենալ «այո ըսելու երկխօսութեան եւ ո՛չ բախումին, այո երկխօսութեան եւ ո՛չ բռնութեան, այո բանակցութեան եւ ո՛չ ռազմական գործողութիւններուն, այո համաձայնագրերու յարգանքին եւ ո՛չ սադրանքներուն, այո անկեղծութեան եւ ո՛չ երկակիութեան (Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար հայց, Վատիկանի Պարտէզներ՝ 8 Յունիս 2014)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 07:43