Եմէնի մէջ թերսնունդէ տառապող մանուկ Եմէնի մէջ թերսնունդէ տառապող մանուկ 

Սուրբ Աթոռը զօրակցութեան կոչ կ՝ուղղէ .«130 միլիոն անձ թիրախ է անօթութեան»։

Թերսնունդէն յառաջացած հիւանդութիւններուն ամենէն շատ թիրախ են մանուկները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Անօթութիւնն ու թերսնունդը ոչ միայն ոչնչացան այլեւ աճեցան, միշտ աւելի դժուարացնելով 2030 թուականի բոլորին համար  սնունդի օժանդակութեան նպատակներու ձեռքբերումը։ Շատ հաւանական է, որ 2020 թուականին  սննդամթերքի պակասէն աւել  քան 130 միլիոն նոր զոհեր ունենանք՝ Covid-19- ի տնտեսական հետևանքներու պատճառով:» Այս մասին Վատիկանի Նիւզի փոխանցեց  Հռոմի Պարէնի միջազգային կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Ֆերնատօ Քիքա Արելլանօ։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա ընդգծեց թէ յիշեալ տեղեկութիւնը ի յայտ կը դնէ այն իրողութիւնը, որ տակաւին շատ հեռու ենք սովի յաղթահարումէն եւ բարի նպատկէն։  2030 թուականին հեռանկարը, ցարդ զուրկ է որեւէ արդիւնքէ։
Գերապայծառ Արելլանօ նշեց, թէ Սովի տագնապը կը գտնուի երկու ճակատներու դիմաց, առաջին թերսնունդի հարցը, երկրորդ թերսնունդէն յառաջացած հիւանդութիւնները, որոնց  թիրախ են ամենէն շատ մանուկները։ Այս առնչութեամբ Պարէնի միջազգային կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռին մնային դէտը ընդգծեց առողջ սննդառութեան հմայականը, յիշելով ֆրանչիսկոս Պապին Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին մէջ նշուած շրջակայ կենսոլորտի հարցերու վերաբերեալ խօսքերը։

Գերապայծառ նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է որդեգրել կարգ մը միջոցառումներ, որոնց շարքին ամրապնդել միջազգային համագործակցութիւնը՝ զօրակցութիւն ապահովուելու համար, աշխատանք տանիլ յաղթահարելու համար աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը ու անարդարութիւնները։

Գերապայծառը  Արելաննօ  շեշտեց նաեւ ,որ կարիքը կայ արդար քաղաքականութեան մը, որ կը կայանայ փոքրիկ արտադրողներուն զօրակցութեան մէջ ու առողջ սննդամթերքի գիներու նուազեցման մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 12:54