Քովիտ 19էն վնասուած տարեցներուն զօրկացութիւն Քովիտ 19էն վնասուած տարեցներուն զօրկացութիւն 

Քովիտ 19. Վտանգի բարոյականութեան մը կարիքը կայ՝ ամենէն շատ խոցելիները պաշտպանելու համար։

Նոր Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է վտանգի բարոյականութեան մը զարգացումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդումի հրամայականը, դիմակայելու համար համաճարակէն յառաջացած բոլոր խնդիրները

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Քահանայապետական գիտութեան կաճառը լոյս ընծայեց «մարդկային ընտանիքը համաճարակի դարուն մէջ» վերտառութեամբ  երկրորդ փաստաթուղթը,  քորոնա վիրուսի համաճարակէն ծագած առողջապահական տագնապի հետեւանքներուն վերաբերեալ։

Առաջին փաստաթուղթը լոյս տեսած էր անցեալ մարտ ամսոյն,« Համաճարակը եւ տիեզերական եղբայրութիւն» տիտղոսով։

Նոր Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է վտանգի բարոյականութեան մը զարգացումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդումի հրամայականը, դիմակայելու համար համաճարակէն յառաջացած բոլոր խնդիրները սկսելով ամենէն շատ խոցելի անձերէն՝ հիւանդներէն, բանտարկեալներէն, գաղթականներէն։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ համաճարակի ճգնաժամէն դաս քաղուած գիտակցութիւնը, որ է կեանքը պարգեւ մըն է, բոլորիս հասկցուց, թէ ամէն ինչ իրարու զօդուած է, եւ ագահութեամբ բնորոշուած  տնտեսական  բոլոր ընտրանքները, արարչագործութեան հանդէպ անարգանքը,  իրենց ազդեցութիւնը ունեցան  վիրուսի տարածման վրայ։

Քահանայապպետական կաճառին փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է  միջազգային միասնական զօրակցութեան ամրապնդումի  հրամայականը՝ տեղեկութիւններու, օգնութիւններու բաժանումով, նկատել  տալով, որ վիրուսը սահմաններ չճանչնար ու  համաճարակը առ աւելիով աճեցուց հարուստ երկիրներու եւ աղքատ երկիրներու միջեւ տարբերութիւնը։

«Առողջապահական խնամակալութիւնը տիեզերական մարդկային իրաւունք է« ։ Այս գծով փաստաթուղթին մէջ մաղթանք յայտնուած է, որ գիտական հետազօտութիւնը, պատասխանատու,  ազատ եւ հաւասար ըլլան՝ զուրկ անձնական շահերէն։  Մաղթանք յայտնուած է նաեւ պատասխանատու զօրակցութեան խթանման գծով, որ գիտէ ճանչնալ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը ՝ մասնաւորապէս կարիքաւորներունը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2020, 14:07