Կարդինալ Թակլէ Կարդինալ Թակլէ 

Միջազգային Քարիթասի տարեկան տեղեկագիրը։ «Պէտք չէ մոռնալ, համաճարակի օրերուն ապրած մօտիկութեան զգացումը»։

Վերջին 6 ամիսներուն, Միջին արեւելքի մէջ կացութիւնը ծանրապէս վատթարացած է եւ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցները աղքատութեան պատճառ դարձաւ, որուն ամէնէ շատ թիրախ են խոցելիները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 յուլիսին, «Միջազգային Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, առցանց մամլոյ ասուլիսով մը ներկայացուց իր տարեկան տեղեկագիրը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Միջազգային Քարիթասի նախագահ, կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Կոքիմ Թակլէ, միեւնոյն կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար, Ալոյիսուս Ճոն եւ Լիբանանի Քարիթասի տնօրէնուհի Ռիթա Ռհայեմ։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Թակլէ իր ելոյթին մէջ յղեց յոյսի պատգամ  մը այն համոզումով որ « մեր ապրած վերջին փոփոխութիւնները առիթ հանդիսանայ\  զօրակցութեան նոր զօդ մը կառուցելու» աւելցնելով որ « մարդկային մէկ ընտանիք մըն ենք եւ համաճարակէն բխած մօտիկութեան զգացումը  կարելի չէ մոռնալ ,առանց որ նշան մը ձգէ  եւ այդ նշանը պէտք է որ նոր պատասխաներ տալու կարողութեան նշան հանդիսանայ։ Ըսաւ կարդինալ Թակլէ ան ապա անդրադառնալով
Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին քաջալերեց գործնական քայլերու դիմելու, զոր օրինակ   համաշխարհային զինադադարի հաստատումը։

Մինչ՝ Միջագային Քարիլթասի ընդհանուր քարտուղարը իր ելոյթին մէջ, նշեց, թէ վերջին 6 ամիսներուն, Միջին արեւելքի մէջ կացութիւնը ծանրապէս վատթարացած է եւ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցները  աղքատութեան պատճառ դարձաւ, որուն  ամէնէ շատ թիրախ են խոցելիները։

Քարիթասի քարտուղարը նկատել տուաւ որ սղաճի պատճառով մարդիկ միջոց չունին կերակուր գնելու եւ թեր սնունդը տարածուած է  ամենուրեք։ Անդրադառնալով  ապա Լիբանանի կացութեան, քարտուղարը յայտնեց թէ,« այս օրերուն, բոլորս մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիբանանի իրադարձութիւններուն, Լիբանանը,  որ միշտ եղած է հաւասարակշռութեան, ազատութեան պատգամի տիպար, ինչպէս ըսած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը

Լիբանանի քարիթասի տնօրէնուհի Ռիթայ Ռհայեմ իր կարգին  ընդգծեց, թէ լիբանանի  բնակչութեան 75 տոկոսը խնամքի կարօտ ունի եւ լիբանանեան թղթոսկին  80 առ հարիւր անկում արձանգրած է։ Ան դիտել տուաւ ,որ Լիբանանը միշտ կամուրջ հանդիսացած է  դէպի Սուրիա,  Իրաք, մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2020, 12:20