Լվով քաղաքը Լվով քաղաքը 

Քահանայապետական որղորմաբաշխ՝ Կարդինալ Քրայեւսքին Ուկրանիոյ մէջ։

«Քահանայապետի ողորմաբաշխին ներկայութիւնը մեր մէջ մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Սրբազան Քահանայապետը՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր մեզ օգնեց ամէն տեսակէտով եւ այսօր եւս կը շարունակէ այդ մէկը ընել դիմագրաւելու համար համաճարակը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լվովի կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Միեչիզլաւ  Մոքշիթսքիի հրաւէրով, Քահանայապետկան ողորմաբաշխ՝ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, երկօրեայ ճամբորդութեամբ մեկնած է Ուկրանիա, ուր Լատին Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ միասին պիտի մասնակցի՝ Պերտիչիվ Սրբավայրի ուխտագնացութեան, ապա Լվովի մէջ օրհնութիւնը պիտի կատարէ հողաշերտի մը եւ անկիւնաքարի մը, ուր պիտի կառուցուի «Ալպերթինէ» մայրապետներոնւ նոր վանքը եւ դժուարութեան մէջ ապրող անտուն կիներուն ու մանուկներով միակ կիներուն համար յատկացուած օճախը։

Կէսօրէն ետք Կարդինալ Քրայեւսքին պիտի նախագահէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նուիրուած Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, երջանկայիշատակ Քահանայապետին ծննդեան հարիւրամեակի նշումին ծիրէն ներս։

Կարդինալ Քրայեսւքիին ճամբորդութեան կեդրոնական պահը պիտի հանդիսանայ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը՝ զոր Ան պիտի մատուցէ  Պերտիչիվի Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ազգային սրբավայրին մէջ, Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած Կոչումներու Տարուան առիթով։

«Քահանայապետի ողորմաբաշխին ներկայութիւնը մեր մէջ մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Սրբազան Քահանայապետը՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր մեզ օգնեց ամէն տեսակէտով  եւ այսօր եւս կը շարունակէ այդ մէկը ընել դիմագրաւելու համար համաճարակը» ըսած է այս առթիւ Լվովի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Միեչիզլաւ  Մոքշիթսքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 11:39