Պապերն ու Քահանայապետական կեանքի կաճառը Պապերն ու Քահանայապետական կեանքի կաճառը 

Պապերու ուսուցմունքը կենսաբարոյականութեան հարցերու շուրջ

1994-2005 տարիներուն, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը մասնաւոր անդրադարձ ունեցած էր կենսաբարոյականութեան խնդիրներու, մարդու արժանապատուութիւնը նկատելով կենդրոնական՝ գիտական զարգացման եւ մտածողութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Iտալերէն եւ անգլերէն լեզուներով երկ մը, խորագրուած՝ «Քահանայապետները եւ Կեանքի Քահանայապետական Կաճառը»։ Հատորը կը բովանդակէ զեկոյցներ, նամակներ եւ պատգամներ, եւ կու տայ ընդհանուր պատկեր մը այն նախաձեռնութիւններուն որոնք բնորոշած էին «Կեանքի Քահանայապետական Կաճառը» իր ծնունդէն, 1994 թուականէն մինչեւ այսօր։

Ունկնդրէ լուրը

Գրքի նախաբանին մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին կը յիշէ որ վերջին տարիներուն շատ մը նոր խնդիրեներու յառաջացումը եղած էր քահանայապետներու ուշադրութեան առարկայ։ Պապերը իրենց ուսուցմունքին մէջ անդրադարձ կատարած էին այդ խնդիրներուն, նպատակ ունենալով պահպանել մարդկային կեանքը։

Գերպ. Վինչենցօ Փալիա, նախագահ «Կեանքի Քահանայապետական Կաճառին», յիշեալ երկի ներածականին մէջ կ՚անդրադառնայ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Պենեդիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս Պապերու ուսուցմունքներու առարկայ նիւթերուն եւ իւրաքանչիւր քահանայապետի դրած շեշտաւորումին։ Պապերը իրենց ուսուցման մէջ անդրադարձ ունեցած են զանազան հարցերու, ինչպէս՝ գիտութիւն եւ բարոյականութիւն՝ քրիստոնէական յայտնութեան լոյսին տակ, հումանիզմ, բանականութիւն եւ հաւատք, բուսական վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներ, հեշտամահ, բնապահպահպանում, եւն.։

Գերպ. Փալիա հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է «Կեանքի Քահանայապետական Կաճառի» հիմնադրութեան եւ զարգացման։ Ան կ՚ընդգծէ երեք քահանայապետներու ուսուցման միջեւ եղած զօդին, որ կը կազմէ շարունակական իսկական ամբողջութիւն մը եւ միութիւն մը, հակառակ պատմական տարբեր առընչութիւններու եւ լեզուական տարբեր ոճի։

1994-2005 տարիներուն, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը մասնաւոր անդրադարձ ունեցած էր կենսաբարոյականութեան խնդիրներու, մարդու արժանապատուութիւնը նկատելով կենդրոնական՝ գիտական զարգացման եւ մտածողութեան մէջ։

Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապի ուշադրութիւնը կենդրոնացած էր բարոյականութեան եւ գիտութեան, հաւատքի եւ բանականութեան առընչութիւններու հարցին վրայ։ Ան կեանքի պաշտպանութիւնը նկատած էր առաջնահերթ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով իր նախորդներու ուսուցմունքը, աւելի խորացած էր բնապահպանութեան հարցին, թեքնիքի զարգացման եւ մարդու եւ անոր կեանքի արժանապատուութեան՝ թեքնի դարաշրջանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2020, 08:48