Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը երկու սիամի երկուորեակներու հետ Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմը երկու սիամի երկուորեակներու հետ  

Յիսուս Մանուկ Հիւանդանոց։ Պատմական վիրաբուժական գործողութեամբ գլուխէն միացած Սիամի երկաւորեակներ իրարմէ զատւեցան։

Մանուկներու կը բաժնեկցէին գանգի կազմը եւ երակային համակարգի մեծ մասը: 12 ամիսներ ուսումնասիրութիւններէ եւ երեք այլ գործողութիւններէ ետք՝ կարելի եղաւ հասնիլ այս արդիւնքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սարսուռ եւ արցունք։ Միտք եւ սիրտ։ Բառացիօրէն։ Յիսուս Մանուկ Մանկաբուժարանին մէջ Կեդրոնական Ափրիկէէն երկու սիամի երկուորեակներ որոնք ծնունդէն ի վեր իրարու միացած էին գլուխէն, երկար ու դժուար գործութեան մը աւարտին իրարմէ զատուեցան։

Առաջին անգամն է որ Իտալիոյ մէջ նման գործողութիւն մը կը կտարուի, որուն յաջողութեան լուրը քանդակուեցաւ պատմութեան  էջերուն մէջ։

Մանուկներու կը բաժնեկցէին գանգի կազմը եւ  երակային համակարգի մեծ մասը: 12 ամիսներ ուսումնասիրութիւններէ եւ երեք այլ գործողութիւններէ ետք՝ կարելի եղաւ հասնիլ այս արդիւնքին։

Մանկաբուժարանի բժշկական անձնակազմը մեծ գոհունակութեամբ  եւ ուրախութեամբ հաղորդեց բժշկական այդ իւրայատուկ նուաճումին լուրը։  Նեարդավիրաբուժութեան բաժանմունքի պատասխանատու՝ Տոքթ. Քարլօ Էռիզիօ Մարրասը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց այդ աննախընթաց վիրաբուժական գործողութեան կարեւորութիւնը ու  գործողութեան դժուարութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները, հաստատելով որ իրենց նպատակն էր՝ փրկել երկու մանուկները ու զանոնք պահպանել կատարեալ վիճակի մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցած էր նաեւ երկուորեակներու մայրը,  որ իր խորին շնորհակալութիւնները փոխանցեց բժշկական անձնակազմին, իր փոքրիկներուն բնականոն կեանք մը նուիրած ըլլալուն համար։ «Անոնք այժմ կարող են վազել, խնդալ եւ ուսանիլ։ Ես անուս եմ եւ յոյս ունիմ որ անոնք կարելիութիւնը ունենան ուսանելու եւ մի գուցէ բժիշկ դառնան ու փրկեն այլ կեանքեր» ըսած է Ան,  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին իր զաւակներուն համար տրամադրած բարիքներուն համար եւ յոյս յայտնեց որ անոնք Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը ընդունին  Նորին Սրբութեան ձեռքերէն։

Երկուորեակները ծնած են 29 Յունիս 2018-ին Կեդրոնական Ափրիկէի, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով ստեղծուած Պանկիի հիւանդանոցին մէջ եւ այնտեղ է որ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի նախագահը՝ Տիկին Մարիելլա Էնոքը հանդիպած էր անոնց ու խօսք տուած թէ կարելին պիտի ընէ անոնց համար։

Երէկ այդ խոստումը դարձաւ իրականութիւն.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 11:31