Համակարգիչ Համակարգիչ 

«Լրատուամիջոցները թող ներառական ու յարգալից ըլլան»։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան զեկոյցը։

Խօսքի ազատութիւնը պէտք է յարգաքից ըլլայ եւ առիթ հանդիսանայ կարծիքներ փոխանակելու՝ առանց բացառելու քննադատական ​​բանավէճերը կամ կրօնքի մասին լուրջ քննարկումները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԵԱՀԿ-ի խօսքի ազատութեան մասին գումարած երկրորդ նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ ու ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը իր զեկոյցին մէջ խօսքը կեդրոնացուց լրատուամիջոցներու պաշտպանութեան ու պատասխանատուութեան երկու կէտերու վրայ, անհրաժեշտ նկատելով, որ ամէն տեսակ լրատուամիջոցներու  պատշապանութիւնն ու միջազգային ընտանիքի կողմէ ճանչցուած խօսքի ազատութիւնը,  հիմնական են ընկերութեան մէջ ճշմարտութեան, ազատութեան ու արդարադատութեան յառաջդիմութեան համար։ նշած է Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը իր զեկոյցին մէջ աւելցնելով,  թէ խօսքի ազատութիւնը պէտք է յարգուի, նման մարդու  բոլոր իրաւունքներու որոնք պէտք չեն երբեք անտեսուիլ։  

Զեկոյցի մէջ սուրբ Աթոռը անընդունելի նկատած է խօսքի ազատութեան շահագործումը, արդարացնելու համար հակակրօնական, բռնական  եւ խտրական դրսեւորումները։ Խօսքի ազատութիւնը պէտք է, որ յարգաքից ըլլայ եւ առիթ հանդիսանայ կարծիքներ փոխանակելու՝ առանց բացառելու քննադատական ​​բանավէճերը կամ կրօնքի մասին լուրջ քննարկումները:

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը ապա լրատուամիջոցներու պատասխանատուութեան հրաւիրած է կրօնական հարցերու շուրջ, արդար եւ ճշգրիտ տեղեկութիններ տալ, հասարակութիւններու անդամներուն թոյլ տալով, որ իրենց կարծիքները արտայայտեն մաղթելով, որ զանգուածային լրատուուամիջոցնմերը ներառական ըլլան ու քաջալերեն գաղափարներու, տեսակէտերուն փոխանակումը, ինչպէս նաեւ հաստատութիւնները իրենց հանրային բանավէճերու մէջ ներգրաւեն կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներըը՝ արտայայտելու համար իրենց կարծիքներն ու տեսակէտները, որոնք հիմնուած են իրենց դաւանած հաւատքի բարոյական համոզմունքներու վրայ եւ այսպիսիով նպաստեն իրենց երկիներուն կեանքին։

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան զեկոյցին նիւթ եղած է համացանցը, յատուկէն ընկերային ցանցերը  զգուշացնելով, որ անոնք կրնան վնասակար գործիքներ դառնալ, ինչպէս նաեւ ատելութեան պատգամներու հաղորդամիջոց։ Խուսափելու համար այդպիսի համացանցային ծառայութիւններէն  Սուրբ Աթոռը յորդորած է  որդեգերել յստակ, թափանից միջոցներ, կանխելու համար անհանդուրժողականութեամբ բնութագրուած որեւէ վերաբեմունք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2020, 12:14