Անչափահասի մը լուսանկար Անչափահասի մը լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ տեղեակ է Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած մանկապղծութեան արարքներէն ։

Եկեղեցին ամէն բան պիտի կատարէ , որպէսզի կիրարկուին եկեղեցական օրէնքները ու բացայայտուին ոտնձգութեան յանցագործները, պատժելով զանոնք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեհաստանի մէջ խումբ մը հաւատացեալներ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  կոչ յղած են խնդրելով,  որ ամէն բան կատարէ յայտնաբերելու եւ պատժելու համար  մանկապղծութեան յանցագործները։ Կոչը հրապարակուած է Լեհաստանի “La Repubblica”.  Օրաթերթին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ի լուրլ Լեհաստանի մէջ հաւատացեալներուն կոչին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ տեղեակ է լեհ հաւատացեալներուն կոչէն եւ  կ՝աղօթէ անոնց համար, աւելցնելով որ եկեղեցին ամէն բան պիտի կատարէ , որպէսզի կիրարկուին եկեղեցական օրէնքները ու բացայայտուին ոտնձգութեան յանցագործները, պատժելով զանոնք ։

Նշենք, թէ Լեհ օրաթերթին մէջ հրապարակուած կոչին մէջ աւելի քան 636 լեհ հաւատացեալներ,ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրած են, իր ուշադրութեան տակ առնէ Լեհատանի եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած են ոտնձգութիւնները։ 

հաւատացեալները իրենց խոր ցաւը յայտնած են այն գծով, որ եկեղեցին անտեսած է ոտնձգութեան արարքները, վտանգելով եկեղեցւոյ միութիւնը, բաժանում ստեղծելով եկեղեցւոյ պատկերով մտահոգուած անձերու եւ ոտնձգութիւններուն զոհերը՝ իրենց սրտերուն մէջ կրող հաւատացեալներու միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2020, 11:18