Աղօթքի հսկումէն առնուած լուսանկար Աղօթքի հսկումէն առնուած լուսանկար 

Աղօթքի հսկումի ընթացքին Կարդինալ Ֆարելի պատգամը «Ցեղապաշտութեան արիւնէն, խաղաղ ընկերութիւն մը։»

Եկեղեցին չ՝ուզեր դիրք բռնել ոչ մէկ  այս կամ այլ դասակարգի ի նպաստ , եկեղեցին չ՝ուզեր քաղաքականութիւն ընել, կ՝ուզէ պարզապէս օգնել ընկերութեան մէջ խթանելու հասարակաց բարիքը եւ ստեղծելու եղբայրական հարազատ կապեր մարդոց միջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 6 յունիսին, Հռոմի «Սանթա Մարիա Ին Թրասթեւերէ» եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում, Միացեալ Նահանգներուն մէջ խաղաղ համակեցութեան դիտաւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Սան Էճտիոյ» հասարակութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աղօթքի հսկումին նախագահեց ապա օրուան պատգամը փոխանցեց «աշխարականներու, կեանքի ու ընտանիքի քահանայապետական ժողով»ի նախագահ, Տալլաս Թեմի երբեմնի եպիսկոպոս, կարդինալ  Քեւին Ժոզէֆ Ֆարելը։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու, որպէսզի Տէրը իր հայեացքը սեւեռէ անարդարութեան, ցեղային խտրականութեան թիրախ անմեղ զոհերուն ու որպէսզի անոնց թափած արիւնը օգնէ  «մեր սիրելի ազգին, խաղաղ եւ եղբայրական ընկերութիւն մը կառուցելու », ըսաւ կարդինալ Ֆարել ու աւեցուց «հաւաքուած ենք, սպաննուած արդար մարդու մը աղօթելու  համար, անոր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր ամերիկացիներուն համար , որպէսզի  խաղաղութիւն ու  անդորրութիւն տիրէ անոնց կեանքին մէջ։ Այս գիշեր հոգեպէս մօտիկ ենք Ճորճ Ֆլոյտի ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տառապին խտրականութեան պատճառով։»

Կարդինալ Ֆարելլ ապա պատգամին մէջ անդրադարձաւ Յիսուսին այն խօսքին,« եթէ մէկը զիս կը սիրէ պիտի յարգէ իմ եւ իմ Հօրս խօսքերը եւ  ես պիտի բնակիմ անոնց մէջ» նշելով «երբ՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի մը մէջ, Աստուծոյ յատուկ օթեւան մը գտնուի, անոր մէջ ատելութեան, նախատինքի տեղ գոյութիւն պիտի չ՝ունենայ։

Ծիրանաւորը անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960 եւ 1970 թուականներուն, ընկերային մեծ շարժումներուն՝ ցեղային նախապաշարումներուն եւ քաղաքացիական հաւասարութեան պաշտպանութեան ի խնդիր,  ցաւ յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ տակաւին կը գոյատեւեն ատելութեան, խտրականութեան արարքներ, 
հուսկ՝ քաջալերեց օգնելու իւրաքանչիւր սերունդին, եղբայրական սիրտ մը ունենալու, ընդգծելով, թէ խաղաղ համակեցութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը՝խթանելու արժէքաւոր բարիքներ են։« Երբ Քրիստոսի խաղաղութիւնը իսկապէս ներկայ է հաւատացեալներուն մէջ, անոնց մէջ չէ կարելի թշնամութեան եւ ուրիշին արժանապատւութիւնը մերժելու տեղ գտնեն։

Կարդինալ Ֆարել եզրափակեց պատգամը նշելով «եկեղեցին չ՝ուզեր դիրք բռնել ոչ մէկ՝ այս կամ այլ դասակարգի ի նպաստ, եկեղեցին չ՝ուզեր քաղաքականութիւն ընել, կ՝ուզէ պարզապէս օգնել՝ ընկերութեան մէջ խթանելու հասարակաց բարիքը եւ մարդոց միջեւ ստեղծելու եղբայրական հարազատ կապեր։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2020, 09:12