Վատիկանի Բուժարանը Վատիկանի Բուժարանը 

Վատիկանի մէջ Քովիտ19-ի ժահրէն վարակումի ոչ մէկ նոր դէպք։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը նշեց՝ որ այսօր առաւօտեան, անցեալ շաբաթներու Քովիտ 19 ժահրէն վարակուած վերջին անձն ալ ժխտական արդիւնք ունեցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Մինչեւ օրս Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի աշխատակազմի շարքերուն, Քովիտ19 ժահրէն ոչ մէկ նոր դէպք արձանագրուած է» Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի, հաստատելով որ այսօր՝ (6 յունիս) առաւօտեան, անցեալ շաբաթներու Քովիտ 19 ժահրէն վարակուած վերջին անձն ալ ժխտական արդիւնք ունեցաւ։

Այս շաբաթներու ընթացքին Սուրբ Աթոռը բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Քորոնավիրուսէն վարակուած բոլոր աշխատակիցներու պարագաներուն։ Վերջին դէպքը յայտնուած էր անցեալ 6 մայիսին, եւ Վատիկանի մէջ արձանագրուած տասներկրորդ դէպքն էր։

Այս ուղղութեամբ եւ Իտալական Կառավարութեան որդեգրած որոշումներու գծով, անցեալ 18 մայիսին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան վերաբացաւ իր դռները եւ մէկ Յունիսէն սկսեալ իրենց գործունէութիւնը վերսկսան նաեւ Վատիկանի Թանգարանները, Առաքելական Մատենադարանը եւ Առաքելական արխիւները, առողջապահական անվտանգութեան բոլոր կանոններու յարգանքի շրջագիծէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2020, 15:53