Կարդինալ Ակոսթինօ Պէա քրիստոնեաներու միութեան խթանման Խորհուրդի առաջին նախագահը։ Կարդինալ Ակոսթինօ Պէա քրիստոնեաներու միութեան խթանման Խորհուրդի առաջին նախագահը։  

5 Յունիսին կը յիշատակուի Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի 60 ամեակը։

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապն է որ ուզած է՝ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը համամիութեան շարժումի ուղղութեամբ հանդիսանայ վերոնշեալ Խորհուրդի առաջնահերթ նպատակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական  Խորհուրդի պատմութիւնը սերտօրէն  զօդուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին հետ։ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապն է արդարեւ՝ որ ուզեց՝ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը  համամիութեան շարժումի ուղղութեամբ հանդիսանայ վերոնշեալ Խորհուրդի առաջնահերթ նպատակը։

Ասոր համար է որ Ան՝ 5 Յունիս 1960ին ստեղծեց  Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քարտուղարութիւնը, որպէս Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները համադրող յանձնախում, ու անոր որպէս առաջին նախագահ անուանեց Կարդինալ Ակոսթինօ Պէան։ Այս եղաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համամիութեան գործընթացէն ներս առած առաջին քայլը։

Քարտուղարութեան պարտականութիւններէն առաջինը եղաւ միւս եկեղեցիները ու քրիստոնեայ համաշխարհային հաստատութիւնները հրաւիրել իրենց դէտերը ուղարկելու Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին, բացի ասկէ Քարտուղարութիւնը պատրաստեց ու Տիեզերական Ժողովին ներկայացուց զանազան փաստաթուղթեր՝  Համամիութեան հայող «Unitatis redintegratio», ոչ քրիստոնեայ կրօններու մասին «Nostra ætate»,  կրօնական ազատութեան մասին «Dignitatis humanae»  եւ Աստուածային Յայտնութեան մասին «Dei Verbum»։

Յովհաննէս ԻԳ  Պապի մահէն ետք անոր յաջորդը՝ Պօղոս Զ, որուն օրով իր աւարտին հասաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, 1966-ին վերահաստատեց Քրիստոնեաներու  Միութեան Խթանման Քարտուղարութիւնը զայն  նկատելով որպէս Սուրբ Աթոռի մնայուն մարմին։

Կարդինալ Ակոսթինօ Պէան շարունակեց ըլլալ անոր նախագահը մինչեւ իր մահը որ պատահեցաւ 1988 թուականին։

28 Յունիս 1988-ին «Բարի Հովիւ» առաքելական սահմանադրութեամբ է որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Քարտուղարութիւնը վերածեց Քահանայապետական Խորհուրդի եւ այդ օրէն ստացաւ Քրիստոնեաներու միութեան Խթանման Քահանայապետական խորհուրդի անուանումը, որպէս առաջնահերթ նպատակ ունենալով նախ եւ առաջ միութեան խթանումը կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս ապա ամրապնդել համամիութեան կապերը  Քոյր Եկեղեցիներու ու եկեղեցական այլ հասարակութիւններու հետ, կազմակերպելով  երկխօսութեան ու համագործակցութեան ձեռնարկներ։

Իր ծնունդէն ի վեր Խորհուրդը սերտ կապ կը պահէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին հետ, որուն աթոռը կը գտնուի Ժընեւի մէջ։

Խորհուրդին ներկայ նախագահն է Կարդինալ Քիւրդ Քոխը որ այս պաշտօնը կը վարէ 2010էն ի վեր, որպէս յաջորդ Կարդինալ Վալթեր Քասբերին։

Խորհուրդի յարաբերութիւնները միւս եկեղեցիներու հետ հիմնովին ունի երկու ստորաբաժանումներ. Արեւելեան մասնաճիւղը՝ Բիւզանդական աւանդութեամբ օրթոտոքս Եկեղեցիներու եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն համար, որոնց շարքին են նաեւ հայ առաքելական եկեղեցիները, ապա Արեւմտեան մասնաճիւղը՝ յատկացուած  Արեւմուտքի զանազան Եկեղեցիներուն ու եկեղեցական հասարակութիւններուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2020, 08:02