Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականը Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականը 

«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մասին, Եւրոպական խոկումի երրորդ օրը։

«Ինչպէ՞ս կարող է Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը ուղղորդել Եւրոմիութեան դերը, Քորոնա Ժահրի ճգնաժամէն յետոյ, արդար վերականգնման համար»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսներու յանձնախումբին, հինգշաբթի, 28 մայիսին, յետմիջօրէին համաճարակի տագնապի պատճառով, առցանց տեղի կ՝ունենայ «Ինչպէ՞ս կարող է Գովեալ ըլլաս շրջաբերականը ուղղորդել Եւրոմիութեան դերը, Քորոնա Ժահրի ճգնաժամէն յետոյ, արդար վերականգնման համար» նիւթով եւրոպական խոկումի երրորդ օրը։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի քարտուղար, գերապայծառ Պրունօ Մարի Տուֆէ, Լոնտոնի համալսարանի տնտեսականութեան դասատու Մարիանա Մացուքաթօ եւ Եւրոխորհրդարանի կարգ մը անդամներ։

Միջոցառումին նպատակն է ոգեկոչել ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիս 2015ին, ստորագրած, «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի 5 տարեդարձը, նուիրուած հասարակաց տան խնամքին։

Շրջաբերականի մասին խոկումի նախորդ օրերը տեղի ունեցան 2018 եւ 2019 տարիներուն, յունիս ամսոյն։ 
2018 թուականի, առաջին միջոցառումին նիւթն էր կայուն ֆինանսական համակարգին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը, մինչ՝ 2019-ի միջոցառումի նիւթը եղաւ մտածել կիսուած  շօշափելի ձեռնակներու մասին, պատասխանելու համար ընկերային եւ կենսոլորտի տագնապներուն, համաշխարհային գետնի վրայ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 09:37