Կարդինալ Փարոլին. Կարդինալ Փարոլին. 

Համաճարակ. Կարդինալ Փարոլին. «ի հեճուկս վախին՝ մենք մեր մէջ չփակուինք»

Իրապէս կարիքը կայ բոլորիս յանձնառումին՝ որպէսզի միջազգային զօրակցութիւնը չպակսի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցին կը հսկէ իւրաքանչիւրի վրայ։ Ան մօտիկ է բոլոր անոնց որ կը տառապին կամ կարիքի մէջ են»։ Այս խօսքերով է որ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի հետ ունեցած երկար հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը, համաճարակին պատճառած մարդկութեան համար այսպիսի ողբերգական ժամանակահատուածի ընթացքին։

Ան հրաւիրեց հակառակ վախին ու տագնապին մենք մեր մէջ չփակուելու ու այնպէս ընելու՝ որ միջազգային համագործակցութիւնը չպակսի։

Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը

Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ Եկեղեցականները եւս բոլորի նման կ՛ապրին դժուար պահեր։

«Շատերու համար ողբերգական է այս պահը, ըսաւ Ան,  յիշելով հիւանդները, տարեցները ու յատկապէս մահամերձներն ու անոնց ընտանիքները։ Կը գտնուինք Զատկական հսկումի ժամանակի մէջ, եւ Եկեղեցին կը հսկէ իւրաքանչիւրի վրայ։ Ան մօտիկ է կարիքաւորին ու տառապողին»։

«Ֆրանչիսկոս Պապը ամէն տեսակէտով կը ջանայ մօտիկ ըլլալ մարդոց, համայն աշխարհին։ Անոր համար մարդոց հետ շփումը՝ հիմնական եղած է, եւ ան,  նոյնիսկ եթէ տարբեր ձեւով, կը շարունակէ պահել այդ սովորութիւնը։ Տոմուս Սանթա Մարթայի պատարագները շօշափելի նշան մըն են այդ ուղղութեամբ։ Անոր հետեւողական աղօթքը՝ զոհերուն, հիւանդներուն, բժիշկներուն,  քահանաներուն ու աշխատաւորներուն համար եւս, շօշափելի նշան է այդ առումով...։  Մենք՝ Անոր համագործակիցները կը ջանանք մեր աջակցութիւնը նուիրել, զինք կապի մէջ պահելու համար բոլոր երկիրներու Եկեղեցիներուն հետ»։ Նշեց Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը։

Վերագտնել էականը

Ան ապա ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք ողբերգութիւն մը՝ որ կարեւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր կեանքերուն վրայ։ Մենք կը գտնուինք մեր դիւրաբեկութիւններուն դիմաց։ Կ՛անդրադառնանք որ մենք արարիչներ չենք, այլ պարզ արարածներ եւ գոյութիւն ունինք, որովհետեւ Մէկ մը ամէն մէկ վայրկեան մեզի կեանք կը պարգեւէ։  Բաւ է ոչնչութիւն մը, խորհրդաւոր եւ աներեւելի թշնամի մը, որպէսզի տառապինք, հիւանդանանք, ու նաեւ մեռնինք։

Կը գտնուինք էականին դիմաց։ Մեզի առիթը կ՛ընծայուի վերագտնելու ընտանիքի, բարեկամութեան ու միջ անձնական յարաբերութիւններու արժէքները, արժէքը՝ զօրակցութեան ու վեհանձնութեան, ինչպէս նաեւ բաժնեկցութեան, մօտիկութեան ու փոքրիկ բաներու գործնականութեան»։

«Կարիքը ունինք մէկը միւսին ու պէտք ունինք հասարակութիւններու եւ ընկերութեան, որ մեզ օգնեն, խնամք տանելու մէկը միւսին» աւելցուց Ծիրանաւորը, դիտել տալով թէ ինք կը հաւատայ  «որ ի վերջոյ այս մէկը յարմար պահն է վերադառնալու Աստուծոյ՝ բոլոր սրտով, ինչպէս մեզի յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ 27 մարտին, համաճարակի դադրեցումին համար յատուկ աղօթքի ընթացքին ու մի քանի օրեր առաջ՝ միասնական Հար մեր աղօթքի պահուն, զոր աղօթեցինք աշխարհի համայն քրիստոնեաներուն հետ միասին»։

Հաւատքի հայեացքը

«Հաւատքի հայեացքը դժուար պահերու ընթացին մեզ կ՛օգնէ միշտ աւելիով յանձնուելու Աստուծոյ, թակելու Անոր դուռը, մեր հետեւողական աղօթքով, որպէսզի այս ցաւի պահը կրճատի։  Հաւատքը մեզի կ՛օգնէ տեսնելու մեզ շրջապատող բարիքը, որ վկայուած է նաեւ բազմաթիւ մարդոց կողմէ», ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլին եւ ակնարկեց բազմաթիւ քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներուն,  որոնք մեծ ստեղագործութեամբ, ամէն հնարի կը դիմեն, մօտիկ ըլլալու համար իրենց հօտին ու նաեւ բոլոր անոնց՝ որոնք կը պայքարին այս հիւանդութեան դէմ ու ասկէ մեկնելով առաջարկ ներկայացուց, որ  բոլոր եկեղեցիները, միասնաբար, նոյն ժամուն, հնչեցնեն զանգակները, մէկ վայրկեան տեւողութեամբ, «որպէս կոչ մը աղօթքի, միասնական աղօթքի, նոյնիսկ եթէ ֆիզիկապէս հեռու ենք իրարմէ»։   

Վատկանի դերակատարութիւնը

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ Վատիկանի գործունէութեան՝ օգնութեան հասանելու համար աշխարհի եկեղեցիներուն ու անոնց միջոցաւ տարբեր երկիրներու բնակչութեան, անկախ անոնց դաւանանքային կամ կրօնական պատկանելիութիւնէն։

Պետական Քարտուղարը ակնարկեց նաեւ այս օրերուն պատարագներ, ամուսնութիւններ ու թաղումներ կատարելու արգելքին, «թէեւ, ըսաւ Ան, եկեղեցիները բաց կը մնան ու ես կը յուսամ որ շուտով բացուին նաեւ անոնք որոնք փակուեցան»։

«Բազմաթիւ հաւատացեալներուն  կը յիշեցնեմ որ կարելի է հոգեւոր հաղորդութիւնը ու թէ Ֆրանչիսկոս Պապը լիակատար ներումի կարելիութիւնը շնորհեց բոլորին»։

Բժիշկներ եւ հիւանդապահներ՝ Եկեղեցւոյ ձեռքեր։  

Կարդինալ Փարոլինը գնահատեց ապա բժիշկներու, հիւանդապահներու, ու կամաւորներու գործունէութիւնը, ու յատկապէս անոնց մօտիկութեան ու կարեկցութեան առաքելութիւնը, հանդէպ մեկուսացուած կամ մահամերձ հիւանդներուն... «Անոնց ձեռքերը կը դառնան մեր բոլորին ձեռքերը, եկեղեցւոյ ձեռքերը,  որ կ՛ընկերանայ, կը ներէ կը մխիթարէ։ Անիկա Աստուծոյ շոյանքն է որ կը բուժէ ու կեանք կը պարգեւէ, նաեւ յաւիտենական կեանք»։

Միջազգային զօրակցութիւն

Հարցազրոյցի աւատին Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ թերաճ երկիրներու մէջ քովիտ19 համաճարակի տարածումին ու յայտնեց՝ թէ Սուրբ Աթոռին կոչումն է ոչ մէկը մոռնալ, «այսուհետեւ կարիքը կայ աղօթքի ու մեծ յանձնառումի, որպէսզի միջազգային զօրակցութիւնը երբեք չպակսի» յայտնեց Ան։

«Ի հեճուկս վախին ու համաճարակին հարկաւոր է որ մենք մեր մէջ չփակուինք։ Առիթ է այս՝ մենք մեզ զգալու աւելի միացած ու զարգացնելու զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան հոգին, բոլոր երկիրներու եւ ազգերու միջեւ, բոլոր մարդոց միջեւ»։

«Այս տագնապէն ի յայտ պիտի գան մեծ դժուարութիւններ ու խոր փոփոխութիւններ... պէտք ունինք ղեկավարներու՝ որոնք գիտնան իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ դիմագրաւել հարցերը, հիմնուելով ազատութեան, արդարութեան ու հասարակաց բարիքի արժէքներուն վրայ», ըսաւ միշտ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլինը, Անտրէա Թորնիելլի հետ ունեցած  զրոյցի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 16:00