Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի հաղորդագրութիւնը Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի յետաձգումի վերաբերեալ։

Սուրբ երկրի ի նպատ դրամահաւաքը տեղի պիտի ունենայ կիրակի՝ 13 սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին օրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 02 ապրիլին, Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի ստորագրութեամբ, Սուրբ Աթոռի արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի վերաբերեալ։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Քովիտ 19 համաճարակի ներկայ կացութիւնը ներգրաւած է բազմաթիւ ազգեր, որոնք  ժահրի տարածման կանխարգիլումի միջոցառումներու պատճառով, արգելքի տակ կը գտնուին աւագ շաբաթուան ծիսակատարութիւնները բնականոն կերպով նշելու։ 

Սուրբ Երկրի հասարակութիւնները եւս որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին այդ վարակումի վտանգին եւ կ՝ապրին ծանր պայմաններուն մէջ եւ որոնք  ամէն տարի օգուտ կը քաղեն աշխարհի հաւատացեալներուն առատաձեռնութենէն՝ շնորհիւ դրամահաւաքին՝ շարունակել կարենալու համար իրենց աւետարանական ներկայութիւնը Սուրբ երկրէն ներս ինչպէս նաեւ պահպանելու կրթական, առողջապահական եւ խնամակալական կառոյցները, որոնք տրամադրելի են բոլոր քաղաքացիներուն՝անխտիր։

Առ այդ ֆրանչիկոս Պապ ընդունեց այն առաջարկը, որ 2020 թուականին Սուրբ երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը  տեղի ունենայ կիրակի՝ 13 սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին օրը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 12:30