Դպրոցական աշակերտներէ առնուած լուսանկար: Դպրոցական աշակերտներէ առնուած լուսանկար:  

«Համաշխարհային կրթական պայմանագիր հանդիպումը» յետաձգուեցաւ 11 հոկտեմբերին:

Հանդիպումը կազմակերպուած է Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով յառաջիկայ 14 մայիսին նախատեսուած«վերականգնել համաշխարհային կրթական պայմանագիրը» նիւթով միջոցառումը  տեղի պիտի ունենայ 11-18 հոկտեմբեր 2020ին:  Միջոցառումը յետաձգուած է Քորոնա ժահրի կապուած աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ տիրող անկայուն վիճակի պատճառաւ:   Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած է  Կաթողիկէ կրութեան ժողովովը, որուն յանձնուած է վերոնշեալ հանդիպումի կազմակերպութեան պատասխանատուութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրած էր կրթական եւ գիտական ոլորտէն ներս գործող բոլոր պատասխանատուները  իրենց մասնակցութիւնը բերելու վերոնշեալ միջոցառումին :

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 11:37