Սուրբ Երկրէն առնուած լուսանկար Սուրբ Երկրէն առնուած լուսանկար 

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի կոչը Սուրբ երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի առիթով:

Սուրբ Երկրի վայրերը այն առարկայական վայրերն են ուր պահպանուած են աստուծային յայտնութեան, մարդեղութեան , խաչելութեան եւ յարութեան յիշատակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 ապրիլին, տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Երկրի ի նպաստ տարեկան դրամահաւաքը: Ինչպէս ամէն տարի, Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը այս տարի եւ կոչ կ՝ուղղէ Սուրբ Երկրի ի նպատ դրամահաւիքի առիթով: 

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարուան պատգամին սկիզբը Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի շեշտը կը դնէ մեկուսացումէ, պատերազմներէ, մենակութենէն տառապող անձերուն վրան: Ան  ապա կը յիշէ ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 19 ապրիլ 2019-ին, Հռոմի Ամփիթատրոնէն ներս կայացած ճանապարհ Խաչի արարողութեան աւարտին արտասանած խօսքը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը աշխարհի բոլոր տառապանքներն ու չարիքները Յիսուսի խաչին տակ զետեղելով կ՝ըսէ «Անօթի, հացի եւ սիրոյ կարօտը ունեցող անձերուն խաչը, լքուած  ու իրենց զաւակներէն ու հարազատներէն հեռացուած մարդոց խաչը, հաւատքի մխիթարանքէ զրկուած անձերուն խաչը, արդարութեան եւ խաղաղութեան ծարաւը ունեցող անձերու խաչը, խաւարի մէջ անկայունութեան մէջ թափառող մարդկութեան խաչը»: Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  Յիսուսէն կը հայցէ, որ վերակենդանացնէ Յարութեան յոյսը եւ  մահուան ու չարին ընդեմ իր վերջնական յաղթանակի յոյսը, մէջերած է պատգամին մէջ Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը: Ան ապա անդրադառնալով Սուրբ Երկրի սուրբ վայրերուն նշած , որ Սուրբ Երկիրը ֆիզիկական այն վայրն է ուր Յիսուս ապրեցաւ տառապանքը՝ զայն վերածելով փրկութեան արարք՝ շնորհիւ անսահման սիրոյ:    

Երուսաղեմէն է որ համայն եկեղեցին ստացած է աւետարանի ուրախութինը: 

Կարդինալ Սանտրի ապա պատգամին մէջ կ՝ընդգծէ, թէ Սուրբ երկիրը՝  մասնաւորապէս քրիստոնեայ հասարակութիւնը Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ   միշտ յատուկ տեղ գրաւած է: Երուսաղեմէն համայն եկեղեցին ստացած է աւետարանին պարգեւն ու ուրախութիւնը ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոսի փրկութիւնը Յիսուս, որ հարուստ է ու աղքատացաւ մեզի համար, որպէսզի մենք մեր կարգին  իր աղքատութեան միջոցաւ հարստանանք գրած է ծիրանաւորը: Ակնարկելով պատմութեան հոլովոյթին սուրբ երկիրի կրած տառապանքներուն, կարդինալ Սանտրի կը նշէ, թէ դարերու ընթացքին սուրբ երկրի եւ միջին արեւելքէն ներս եկեղեցւոյ կրած տառապանքները կը շարունակուին, կը շարունակուին ողբերգութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն թիւի անկումը:

Եկեղեցին կը շարունակէ իր դաստիրակչական եւ բարեսիրական գործունէութիւնները թիկունք կագնելով Սուրբ Երկրին:

Պատերազմները պատճառ դարձան միլիոնաւոր անձերուն գաղթին-  պայմանաւորուեցաւ համայն սերունդներուն ապագան, որոնք զուրկ են հիմնական  եւ տարրական բարիքներէն ինչպէս նաեւ խաղաղ մանկութիւն ապրելու իրաւունքէն:  Եկեղեցին կը շարունակէ գործել պահպանելու համար տարածաշրջանէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ ձայն տալու համար՝ ձայնէ զրկուածներուն: Եկեղեցին կը գործէ հովուական ծառայութեան միջոցաւ, որ հիմքն ր փոքրիկ հասարակութիւններուն կեանքին: Եկեղեցին կը շարունակէ իր դաստիարակչական գործունէութիւնները դպրոցներու միջոցաւ, որոնք հիմնական են քրիստոնէական ինքնութեան եւ կառուցելու համար եղբայրական համակեցութիւն՝ յատուկէն մահմետականներուն հետ՝ հիմնուած Ապա Տապիի եղբայրութեան փաստատուղթին վրայ,  գրած  է  ծիրանաւորը աւելցնելով որ  եկեղեցին Սուրբ երկրին մէջ երիտասարդներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ բնակարաններ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի վայրեր կը ստեղծէ՝  շնորհիւ աշխարհի հաւատացեալներուն վեհանձնութեան դիտել տալով, որ  առանց Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի, անկարելի պիտի դառնար  նաեւ սրբավայրերու խնամքը , որոնք հիմնական  են , որովհետեւ այդ առարկայական  վայրերուն մէջ կը պահպանուի աստուածային յայտնութեան, մարդեղութեան եւ մեր փրկութեան յիշատակը , որովհետեւ այդ վայերու մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը պահապանէ իր ինքնութիւնը:

Կարդինալ Սանտրին պատգամը աւարտած է յայտնելով ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութիւնը քահանաներուն, հաւատացեալներուն ու կրօնաւորներուն նկատմամբ, որոնք կ՝աշխատին Սուրբ Երկիր ի նպաստ դրամահաւաքի յաջողութեան համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 10:48