Հիւանդանոցէ առնուած լուսանկար Հիւանդանոցէ առնուած լուսանկար 

Լիակատար եւ հաւաքական մեղքերու թողութիւն համաճարակի տագնապի ի տես։

Լիակատար ներում կրնան ստանալ նաեւ մահուան սեմին գտնուող, եւ վերջին օծումը ստանալու հնարաւորութիւն չունեցող հիւանդները։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան    

Քորոնա ժահրի հրատապ տագնապին ի տես, եկեղեցին հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ  Քորոնա ժահրէն վարակուած հիւանդներուն, անոնց խնամք տանող հիւանդապահներուն, բժիշկներուն, ընտանեկան պարագաներուն լիակատար ներում ստանալու աղօթքի միջոցաւ։ Այս առնչութեամբ առաքելական ատեանը որդեգրած է հրամանագիր մը որ հրապարակուած եւ ստորագրուած  է Առաքելական ատեանի աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցայի ձեռամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Առաքելական ատեանի հրամանագիրին մէջ նշուած է նաեւ նկատի առնելով ներկայ ծանր կացութիւնը կարելի  է հաւաքական մեղքերու թողութիւն շնորհել, համաճարակը լայնօրէն տարածուած  վայրերուն մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն՝ մինչեւ ժահրի տագնապի աւարտը։  Հաւաքական ներումը կը շնորհուի միատեղ հաւաքուած բազմաթիւ հաւատացեալներուն՝ առանց անհատական խոստովանքի խորհուրդի մատակարարման։  

Քորոնա ժահրէ վարակուած հիւանդները, ինչպէս նաեւ ժահրի հետեւանքով մեկուսացումի մէջ գտնող անձերը, հիւանդապահները, բժիշկները կրնան լիակատար մեղքերու թողութիւն ստանալ  պարզապէս արտասանելով Հաւատամք, հայր մեր եւ Ողջոյն քեզ Տիրամօր նուիրուած աղօթքները։

Լիակատար ներում կրնան ստանալ նաեւ մահուան սեմին գտնուող, եւ վերջին օծումը ստանալու հնարաւորութիւն չունեցող հիւանդները, այս պարագային յանձնարարուած է խաչի օգտագործումը։ նշուած է Առաքելական ատեանի կողմէ որգեգրուած վճիռին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 14:15