Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի յառաջիկայ գործունէութիւններուն վերաբերեալ:

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքն ու հրապարակային ընդհանուր ունկդրութիւնը պիտի սփռուին ուղիղ եթերով «Վատիկան Նիւզ» կայքէջէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 7 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով թէ Կիրակի 8 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի կատարէ Առաքելական մատենադարանին մէջ՝ եւ ոչ թէ Առաքելական պալատին գրասենեակի պատուհանէն:  

Նորին Սրբութեան Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւնը ուղիղ եթերով պիտի սփռուի «Վատիկան Նիւզ» կայքի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած պաստառներուն վրայէն՝ հաւատացեալներու հնարաւորութիւն ընծայելու համար հետեւելու Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին:  

Նորին Սրբութեան 11 մարտի չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը նաեւ պիտի սփռուի վերը նշուած միեւնոյն միջոցներով:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն վերոնշեալ որոշումները կայացուած են COVID-19 ժահրը կանխարգիլելու միջոցառումներուն ծիրէն ներս: 

Վատիկան քաղաքի առողջապահութեան վարչութեան հրահանգով , մինչեւ կիրակի 15 մարտին, դադրած  պիտի  նկատուին Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապին սուրբ Պատարագին հաւատացեալներուն մասնակցութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 14:22