Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան ու հրապարակը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան ու հրապարակը 

Քորոնա Ժահր. Վատիկանը փակեց Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան։

Քորոնա Ժահրի տարածման կանխարգիլման ձեռնարկներու ծիրէն ներս ու նկատի առնելով Իտալիոյ Պետութեան կողմէ հրապարակուած նոր սահմանափակումները Վատիկանը եւս որդեգրեց առաւել միջոցները ու որոշեց զբօսաշրջութեան դիմաց փակ պահել Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը՝ մինչեւ 3 ապրիլ 2020։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց որ Սուրբ Պետրոսի Պազիլքան փակ կը մնայ մինչեւ 3 ապրիլ 2020։

Ունկնդրէ լուրը

Քորոնա Ժահրի տարածման կանխարգիլման ձեռնարկներու ծիրէն ներս ու նկատի առնելով Իտալիոյ Պետութեան կողմէ հրապարակուած նոր սահմանափակումները, Վատիկանը եւս որդեգրեց առաւել միջոցներ ու որոշեց  զբօսաշրջութեան դիմաց փակ պահել Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը՝ մինչեւ 3 ապրիլ 2020։

Վատիկանի Պետութեան այլ ծառայութիւնները եւս կը փակուին, որոնց շարքին Վատիկանի թանգարանները,  Վատիկանի դրամատունը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող  նամակատունը, Վատիկանի գրատունը եւ Օսերվաթորէ Ռոմանօ նկարչատունը եւ ներքին շուկան։

Վաղուընէ սկսեալ փակ կը մնայ նաեւ աշխատաւորներու սեղանատունը մինչ բաց կը մնան դեղարանը եւ ուտեստեղէնի  շուկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2020, 14:46