Կարդինալ Տէ Տոնաթիս Կարդինալ Տէ Տոնաթիս 

Քահանայապետի Հռոմի թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը եւս վարակուած է քորոնաժահրէն։

Այս պահը կ՛ապրիմ որպէս Նախախնամութեան կողմէ ինծի շնորհուած առիթ, բաժնեկցելու համար բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ցաւերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Որոշ կասկածելի ախտանիշներու յայտնաբերումէն ետք, որոնց շարքին ջերմութիւնը, երէկ երեկոյեան հաստատուեցաւ լուրը որ Հռոմի Թեմի Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը եւս վարակուած է Քորոնա Ժահրէն։ Լուրը հաստատեց նոյնինքն Հռոմի Թեմը որ պաշտօնական կայքէջին վրայ նշեց՝ թէ Կարդինալ Տէ Տոնաթիս այժմ կը գտնուի խնամքի տակ, Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի անուամբ հիւանդանոցին մէջ ու թէ սկսած է հակավիրուսային դարմանման ընթացքը։

Ունկնդրէ լուրը

«Նախազգուշացումի որպէս քայլ՝ բոլոր անոր ամենամօտ համագործակիցները այժմ կը գտնուին ինքնամեկուսացման մէջ» նշուած է միշտ Հռոմի Թեմին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Մինչ իր կողմէ Կարդինալ Տէ Տոնաթիս յայտնած է. «Ես ալ կ՛ապրիմ այս նեղութիւնը...Կը վստահիմ Տիրոջ ու ձեր բոլորի աղօթքներուն, սիրելի Հռոմի Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ»։ «Այս պահը կ՛ապրիմ որպէս Նախախնամութեան կողմէ ինծի շնորհուած առիթ, բաժնեկցելու համար բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ցաւերը։ Իմ աղօթքս կը նուիրեմ անոնց ու Հռոմի թեմի համայն հասարակութեան ու Հռոմի բնակիչներուն» ըսած է միշտ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2020, 08:11