Պենետիկտեան Ջահը Պենետիկտեան Ջահը 

Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց Սուրբ Պենետիկտոսի՝ Եւրոպայի խաղաղութեան ու միասնութեան ջահը։

«Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 19 փետրուար 2020-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  կայացած   հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  օրհնեց  «Խաղաղութեան եւ Եւրոպայի միասնութեան ի սպաս՝ Պենետիկտեան ջահը»։

Ունկնդրէ լուրը

''Պենետիկտեան ջահի'' օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։ Սկզբնական շրջանին ջահը կը կրէր ''Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ'' անունը, ապա՝ 1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշի ու կռեց ''Վասն խաղաղութեան ու Եւրոպայի Պենետիկտեան ջահի'' անունը։

Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Ջահի լուսաւորումէն ետք, հաւատացեալներու խումբ մը, ուխտագնացութիւն կատարելով, ջահը կը տանին Եւրոպայի զանազան քաղաքներ։  Պենետիկտեան ջահը մեզի կը յիշեցնէ՝ եւրոպայի քրիստոնէական ժառանգութիւնը։ Արդարեւ դարերու տարածքին քրիստոնեայ մշակոյթը դրոշմեց եւրոպական պատմութիւնը ու եղաւ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը։

Այս տարի Սուրբ Պենետիկտոսի ջահին ուխտագնացութիւնը սկիզբ պիտի առնէ շաբաթ 22 փետրուարի կէսօրէն ետք ժամը 3,30-ին Նորչա քաղաքի Սուրբ Պենետիկտոսի պազիլիքայի փլատակներէն, տրուած ըլլալով որ  պազիլիքան փլուզուած է 2016-ին, շրջանը հարուածող ահեղ երկրաշարժի բերումով։

Հինգշաբթի 27 փետրուարին ապա Սուրբ Պենետիկտոսի ջահը կը մեկնի դէպի Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտաբեսթ՝ որպէս լոյսի եւ յոյսի խորհրդանիշ՝ համայն եւրոպայի համար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 10:24