Հոգեւոր կրթութիւն Հոգեւոր կրթութիւն 

Քահանայապետի Հոգեւոր կրթութեան Քարոզիչն է Հայր Փիեթրօ Պովաթի։

Հայր Փիեթրօ Պովաթի որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած է «Ելքի» գիրքէն առնուած հետեւեալ հատուածը «թուփը կրակով կը բռնկուէր» (Ելք 3,2)՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հանդիպումը Ելքի գիրքի, Մատթէոս Աւետարանիչի ու Սաղմոսերգուի լոյսին տակ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի  մէկ մարտէն  մինչեւ 6 մարտ Արիչչա քաղաքի Աստուածային Վարդապետի տուն կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն  Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը,  որուն այս տարուայ քարոզիչն է՝ Աստուածաշունչի Քահանայապետական յանձնախմբի քարտուղարը՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Փիեթրօ Պովաթի, որ որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած է «Ելքի» գիրքէն առնուած հետեւեալ հատուածը «թուփը կրակով կը բռնկուէր» (Ելք 3,2)՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ հանդիպումը՝ Ելքի գիրքի, Մատթէոս Աւետարանիչի ու Սաղմոսերգուի լոյսին տակ։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայր Պովաթի ներկայացուց հոգեւոր կրթութեան մտածականներու նիւթերը, հաստատելով որ անոնք կը հային Աստուծոյ հետ հանդիպումի փորձառութեան, մեկնելով Մովսէսի հանդիպումէն՝ որ  «բռնկուող թուփի» ընդմէջէն կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ ձայնը։ Ձայն՝ որ կը լուսաւորէ մարդոց կեանքը ու անոնց ցոյց կու տայ կեանքի ճանապարհը։ «Ոստի հոգեւոր կրթութիւնը կ՛օժանդակէ ամրապնդելու այդ անձնական հանդիպումը Աստուծոյ հետ ու Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչին պարտականութիւնն է՝ խթանել Աստուծոյ հետ հանդիպումը, եւ այնպէս ընել որ իւրաքանչիւր անձ  կարողանայ ունկնդրել Տիրոջ Խօսքը» ըսած է Հայր Պովաթի, որ ապա նշած է թէ  «աղօթքի ու մարգարէութեան նիւթերը առանցքը պիտի կազմեն հոգեւոր կրթութեան», ու թէ ինք սոյն նիւթերը պիտի շօշափէ մէջբերումներ կատարելով Ելքի գիրքէն ու Մատթէոսի Աւետարանէն։

Քառասնորդացի ընթացքին մենք կանչուած ենք հոգեւոր ընթացքով քալելու ժողովուրդին անապատին ճանպահին վրայ որ կ՛ընթանայ դէպի Աստուծոյ լեռը դէպի Զատկական փորձառութիւնը։

«Պիտի ջանամ շօշափել յատուկ նիւթերը՝ ինչպէս կոչումի նիւթը, Աստուծոյ շնորհքին դիմաց դիմադրութիւնը, ապա Աստուծոյ ներկայութիւնը մարդուն կողքին, որ կը հետեւի անոր քայլերուն ու զինք կը դարձնէ անհատ որ իր կարգին կարող է սփռել Աստուծոյ լոյսը»։

Այս ծիրէն ներս հիմնական է Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութիւնը, որպէս մարգարէական իսկական փորձառութիւն ու հիմնական է նաեւ աղօթքը՝ որ Աստուծոյ հետ մտերմիկ խօսակցութիւն է, ուր մարդը խօսելէ աւելի պէտք է նաեւ ունկնդրէ, հասկնայ Աստուծոյ կամքը, ինչպէս ըրաւ Մովսէս լերան վրայ։

Մարդը որ կ՛ապրի աղօթքով մշտապէս կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ  խօսքը, որովհետեւ Աղօթքի միջոցաւ Սուրբ Հոգին կը ներգործէ ու այդ անձը կը դարձնէ ունակ մտերմութիւն հաստատելու Աստուծոյ հետ, ինչպէս պատահեցաւ Պենտեկոստէի օրը Յիսուսի աշակերտներուն հետ։

«Աստուծոյ խօսքը մեզ կ՛օգնէ հասկնալու եւ մեկնաբանելու կեանքին իմաստը։ կ՛օգնէ տեսնելու թէ ինչպէս պատմութիւնը կ՛իրականանայ ներկային մէջ։ Ան մեզ ունակ կը դարձնէ հասկնալու Աստուծոյ կամքը ու դառնալու լոյսի, քաջալերանքի եւ առաջնորդութեան գործիքներ», ըսաւ Հայր Պովաթի, որ խօսելով իր դերակատարութեան մասին, նշեց՝ թէ ինք հեզ եղբօր մը վերաբերմունքով  կը փափաքի իր եղբայրակիցներուն փոխանցել իր անձնական հոգեւոր փորձառութիւնը՝ հիմնուած Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան վրայ։ Աստուծոյ Խօսքին գործառոյթն է սրտերը մեղմացնել ու զանոնք ներքնապէս վերանորոգել ու այնպէս ընել որ սիրտը տրամադիր դառնայ ողորմութեան ու գթութեան որ նոյնինքն Աստուծոյ սրտին յայտնութիւնն է մարդոց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 09:26