Ապու Տապիի մէջ համագումար «Մարդկային Եղբայրութեան» մասին։ Ապու Տապիի մէջ համագումար «Մարդկային Եղբայրութեան» մասին։ 

Ապու Տապիի մէջ համագումար «Մարդկային Եղբայրութեան» մասին։

Համագումարին առիթով Գերագոյն Յանձնաժողովի անդամները հանդիպում ունեցան Մամուլին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին միջեւ 2019—ի չորս փետրուարին ստորագրուած «Մարդկային Եղբայրութեան» Փաստաթուղթի առաջին տարեդարձին առիթով, Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթը ի գործ դնող Գերագոյն Յանձնաժողովը՝ Ապու Տապիի մէջ գումարած է համաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ։

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարին առիթով Գերագոյն Յանձնաժողովի անդամները հանդիպում ունեցան Մամուլին հետ։

Հանդիպումին բացումը կատարեց Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի նախկին խորհրդական Մոհամմետ Ապտել Սալամ դատաւորը, որ է նաեւ Գերագոն Յանձնաժողովի քարտուղարը։ Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց թէ Փաստաթուղթը «Համայն աշխարհի մարդկութեան ներշնչումի աղբիւր է», շեշտելով նաեւ որ մարդկային եղբայրութեան իրականացումը կարիքը ունի կրօնական ղեկավարներու աջակցութեան ու նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու թիկունքին։

Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ քարտուղար Գերապայծառ Եոաննիս Կայտ որ ընդգծեց երիտասարդներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ ձեռք բերելու համար մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի նպատակները, «որոնք արմատացած են Աստուծոյ կամքին մէջ» ըսաւ Ան, տրուած ըլլալով որ բոլոր հաւատացեալները իրենց ծագումը կը գտնեն Աստուծոյ մէջ։

«Աստուած է արդարեւ որ կը համախմբէ մարդկութիւնը միակ ընտանիքի մէջ։ Ուստի բոլոր կրօններու անդամները եղբայր ու քոյրեր են» նշեց Գերապայծառ Կայտը։

Ալ Ազհար համալսարանի նախագահ Փրոֆ Մոհամմատ Հուսէյն Էլ Մահրասսաուի իր կարգին մատնանշեց թէ ինչպէս  աշխարհը դարձած է փոքրիկ գիւղաքաղաք մը ու թէ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը ամփոփագիր մըն է, որ կը յիշեցնէ թէ ինչպէս աշխարհը կարող է միասին ապրիլ խաղաղ համակեցութեամբ։ Ան ապա նշեց թէ Ալ Ազհար համալսարանին մէջ փաստաթուղթին դասաւանդութիւնը արդեն իսկ սկսած է։

ՅՈԻՆԵՍՔՈՅԻ նախկին ընդհանուր տնօրէն՝ Իրինա Պոքովա, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Գերագոյն Յանձնաժողովին ակնարկեց  թէ «Փաստաթուղթը ներկայ ժամանակին բարոյական բնոյթ ունեցող հռչակագիր մըն է որուն մէջ երիտասարդները կարող են պատասխաններ գտնել»։

Ուաշինկթընի հրէական միաբանութեան  վաստակաւոր Րաբունապետ Պրուս Լուսթիկ նշեց թէ փաստաթուղթը ներդաշնակ է աշխարհի բոլոր կրօններու հետ։ «Մենք միակ ընտանիք մըն ենք ու կ՛ապրինք միակ տունի մէջ ասոր համար իւրաքանչիւր անհատ որեւէ ուրիշի ու անոր արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու է, ու պէտք է մէկը միւսին նկատմամբ պատասխանատու զգանք մենք զմեզ։ «Փաստաթուղթը մեզ կը կոչէ «Ես» էն անցնելու «Մենք» ի» յարեց Րաբունապետը, յիշելով նաեւ թէ աշխարհին մէջ կան 7 միլիոն փախստականներ ու թէ Փաստաթուղթը մեզմէ կը խներէ դիմագրաւել նաեւ գաղթականութեան հարցը։

Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած համաժողով

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2020, 10:00