Մէկ տարի առաջ Ապու Տապիի մէջ կը ստորագրուէր «Մարդկային Եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթը։ Մէկ տարի առաջ Ապու Տապիի մէջ կը ստորագրուէր «Մարդկային Եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթը։ 

Մէկ տարի առաջ Ապու Տապիի մէջ կը ստորագրուէր «Մարդկային Եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթը։

4 Փետրուար 2019-ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամը՝ Ապու Տապիի մէջ ստորագրեցին «Մարդկային Եղբայրութեան» փաստաթուղթը, որ զօրեղ հրաւէր է իրար զիրար վերագտնելու որպէս եղբայրներ, խթանելու համար արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովեցնելու՝ մարդկային իրաւունքներ ու կրօնական ազատութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ տարի անցաւ պատմական այդ թուականէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապ, Արաբական Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ալ Ազհար Համալսարանի Աւագ Իմամ՝ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին ստորագրեցին իսլամ քրիստոնեայ յարաբերութիւններու մէջ անկիւնաքար նկատուած  «Մարդկային Եղբայրութեան« միջ-կրօնական պատմական փաստաթուղթը,  որով որպէս ուղեցոյց ընդգծուեցաւ երկխօսութեան մշակոյթը, միասնական համագործակցութիւնը ու իրար ճանաչողութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Փաստաթուղթը նաեւ կոչ մըն է վերջ դնելու պատերազմներուն ու դատապարտում ահաբեկչութեան ու բռնութեան, յատկապէս այն արարքներուն որոնք կը գործուին կրօնի անունով։

Խթանել հանդուրժողականութիւն եւ արդարութիւն։

«Հաւատքը հաւատացեալը կը մղէ միւսին մէջ տեսնելու եղբայր մը, որուն աջակցիլ ու սիրել» գրուած է վերոնշեալ փաստաթուղթին մէջ,  ուր ապա հրաւէր ուղղուած է յանձնառու ըլլալ տարածելու հանդուրժողականութեան մշակոյթը ու խաղաղ համակեցութիւնը, վերջ դնելով հակամարտութիւններուն ու մշակութային եւ բարոյական անկումին ու ի գործ դնելով «բնական կենսամիջոցներու արդար բաշխումը»։

Պաշտպանել «ընտանիքը» եւ «կեանքը»։

Փաստաթուղթին մէջ կը յիշուի նաեւ թէ որքան հիմնական է «ընտանիքը» ու կեանքի յարգանքը։ Երկու Կրօնապետերը կը դատապարտեն կեանքի սպառնացող արարքները, ինչպէս են ցեղասպանութիւնները, ահաբեկչական արարքները, բռնի  տեղահանումները, մարդկային «օրկաններու» վաճառքը, վիժումը ու հեշտամահը, ու այս բոլորին աջակցող քաղաքականութիւնները։

Աստուծոյ անունը ոճիրներու համար չի գործածել։

«Կրօնները պատերազմներու չեն մղեր, եւ ատելութեան, թշնամութեան ու ծայրայեղութեան զգացումներ չեն հրահրեր, ոչ ալ բռնութիւն կամ արեան հեղում կը պահանջեն։  Այս աղէտները կրօնական ուսուցումներէն շեղումի պտուղներէն են, պտուղն են նաեւ քաղաքականութեան կողմէ կրօններու շահագործումին ու նաեւ կրօնական մարդոց անձնական մեկնաբանութիւններուն», գրուած է Փաստաթուղթին մէջ ուր նաեւ կոչ ուղղուած է «որպէսզի դադրեցուի Աստուծոյ անունը օգտագործելը, արդարացնելու համար մարդասպանութիւնները, աքսորները, ահաբեկչութիւնն ու ճնշումները։

Կրօնական Ազատութիւնը։

Փաստաթուղթը հուսկ  կը հաստատէ  թէ «ազատութիւնը իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է ու թէ ամէն մէկ անհատ ունի հաւատքի, մտքի, գործելակերպի ու գաղափարի արտայայտման ազատութիւն։ Բազմազանութիւնը ու կրօններու տարբերութիւնը, մորթի գոյնի, սեռի, ցեղի ու լեզուի տարբերութիւնները- աստուածային իմաստութեան կամքն են եւ ասոր համար կը դատապարտուին բոլոր այն արարքները որոնք  մարդիկը կը ստիպեն միանալու որոշ կրօնի մը կամ մշակոյթի մը։

Այս ծիրէն ներս  կոչ կ՛ուղղուի ապա  այքարելու փոքրամասնութիւններուն  նկատմամբ խտրականութեան դէմ։

Կիներու իրաւունքի ճանաչում։

Փաստաթուղթը ապա կը հաստատէ թէ անհրաժեշտ է ճանչնալ կիներու իրաւունքները՝ որոնց շարքին անոնց ուսմունքի, աշխատանքի ու քաղաքականութեան ծիրէն ներս  իրաւունքը։ Անհրաժեշտ է նաեւ կիները պաշտպանել չչարաշահումներէն, որուն առընչութեամբ կարեւոր կը համարուի փոփոխութիւններ ներմուծել ան օրէնքներուն մէջ,  որոնք կիներուն կ՛արգիլեն լիարժէք կերպով ապրելու իրենց այդ իրաւունքները։

Կրօնները ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ։

Ի վերջոյ հրաւէր կ՛ուղղուի որ փաստաթուղթը դառնայ դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան առարկայ , մինչ Ապու Տապիի  «Founder's Memorial» կեդրոնատեղիին մէջ կայացած միջ կրօնական հանդիպումի ու փաստաթուղթի ստորագրութեան արարողութեան առիթով Սրբազան Պապը նկատել կու տար թէ «Այլընտրանք չկայ. Կամ միասին կը կառուցենք ապագան կամ ապագայ մը պիտի չըլլայ։ Կրօնները չեն կարող հրաժարիլ այն հրատապ պարտականութենէն ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու։ Հասած է ժամանակը ուր կրօնները աւելի գործնական կերպով, ու քաջութեամբ ու յանդգնութեամբ գործեն, սատարելու  համար մարդկային ընտանիքի  մէջ հասունցնելու՝ հաշտութեան կարողութիւնը, յոյսին տեսլականը ու խաղաղութեան գործնական ճանապարհները։

Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթի Կոմիտէի ծնունդը։

Խթանելու համար Եղբայրութեան Փաստաթուղթը ու անոր մէջ պարունակուած իտէալները 2019-ի օգոստոսի 20-ին, Արաբական Էմիրութիւններու մէջ ստեղծուեցաւ Կոմիտէ մը, որուն մաս կը կազմեն քրիստոնեայ, իսլամ ու հրեայ անդամներ եւ որ պարտականութիւնն ունի պատշաճ ծրագիրներ մշակել ի  գործ դնելու համար փաստաթուղթին կոչերն ու հրաւէրները։

Այդ ուղղութեամբ 2019-ի դեկտեմբերին Կոմիտէի գերագոյն մարմնի անդամները հանդիպում ունեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրէսի հետ, անոր յանձնելով Ֆրանչիսկոս Պապի ու Ալ Թայըպ Իմամին մէկ պատգամը, որուն մէջ առաջարկ ներկայացուած է 4 փետրուարը ընտրել որպէս մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային օր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 10:40