Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։

Զրոյցներու ընթացքին քննարկուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 31 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի Նախագահին՝ Տիար Ալպերթօ Ֆերնանտէզին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղար Հայր Միրոսլաւ Վաչովսքի։

«Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ բարի յարաբերութիւններուն համար որոնք գոյութիւն ունին Սուրբ Աթոռի եւ Արժանթինի հանրապետութեան միջեւ» գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա կը նշուի թէ «կողմերը զրուցեցին Երկրի կացութեան մասին, յատկապէս անդրադառնալով տնտեսա-ֆինանսական հարցի, աղքատութեան դէմ պայքարին, կաշառակերութեան ու երդմնեցուցիչներու վաճառքի հարցին, ինչպէս նաեւ ընկերային զարգացումին ու կեանքի պաշտպանութեան հարցին։

Այդ ծիրէն ներս ի յայտ դրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նշանակալի սատարը՝ ի նպաստ Արժանթինեան համայն ընկերութեան ու յատկապէս տկար ու դիւրաբեկ դասակարգին։

«Զրոյցներու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր» գրուած միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 14:26