Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Համագումար նուիրուած Սուրբ Աթոռի Եւրոպական խորհուդին անդամակցութեան 50-րդ տարեդարձին:

7 մարտ 1970-ին, Եւրոպական խորհուրդը ընդունեց, Եւրոպական խորհուրդէն ներս, Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտի կարգավիճակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

7-էն-9 յունուար 2020-ին, Ֆրանսայի Սթրասպուրկ քաղաքի համալսարանէն ներս տեղի կ՝ունենայ «Միասին կառուցել Եւրոպան,. 50 տարի ետք Սուրբ Աթոռի Եւրոպայի խորհուրդին մէջ» բնաբանով միջկրթական համագումար, նախաձեռնութեամբ , Եւրոպական խորհուրդէն ներս Սուրբ Աթոռի  մնայուն առաքելութիւն կազմակերպութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք, թէ  7 մարտ 1970-ին, Եւրոպական խորհուրդը ընդունեց, Եւրոպական խորհուրդէն ներս, Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտի կարգավիճակը:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 7 յունուարին, վերոնշեալ համագումարին բացման արարողութեան ելոյթ կ՝ունենան Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիժա Փեչինովիչ Պուրիբ,  եւ  միեւնոյն խորհուրդին մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Մարքօ Կանչի:

Համագումարին ընթացքին զրուցողներուն շարքին են,  Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակեր եւ Աստուածաբան Լուք Փերին:

Համագումարի երկրորդ օրը քննարկումի նիւթ կը հանդիսանայ Եւրոպայի կառուցման իրենց նպաստը բերող քրիստոնեաները, անոնց դիմագրաւած իրաւական մարտահրաւէրները, լուսարձակի տակ առնելով կրօնական ազատութեան նիւթը:

Պիտի արծարծուին նաեւ Եւրոպայի մէջ ընկերութեան եւ կրօններուն միջեւ յարաբերութեան հայող նիւթերը, յատուկէն համամիութենականութեան հայող:

Համագումարին նիստերուն նիւթ պիտի հանդիսանայ գաղթականութեան ֆինասնական թափանացիկութեան կապուած բարոյական հարցեր:  Պիտի շօշափուին մարդկային իրաւունքներուն եւ անձին արժանապատոուութեան յարգանքի հաղող նիւթեր ինչպէս նաեւ  հաւատքի եւ քաղաքականութեան միջեւ գոյացած յարաբերութեան մասին նիւթեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2020, 10:31