Իրանի մէջ բողոքի ցոյցեր: Իրանի մէջ բողոքի ցոյցեր: 

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տագնապի առնչութեամբ:

Պէտք է հրաժարիլ հակամարտութենէն եւ զինուիլ արդարութեան եւ բարի կամքի զէնքերով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած են Միացեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուած վիճակի առնչութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին ու Իրաքի Ժողովրդային աշխարհազօրի ղեկավար մարմինի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտես  ուրբաթ, 3 յունուարին, սպաննուեցան, երբ ամերիկեան անօդաչու սարքեր Պաղտատի միջազգային օդակայանին մօտ հարուածեցին զանոնք փոխադրող երկու ինքնաշարժները: Անոնց հետ զոհուեցան 8 այլ անձեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն կը հետեւի մտահոգութիւն պատճառող այդ իրադարձութիւններուն, ապահովուելով իր աղօթքը աշխարհի խաղաղութեան համար: Այս մասին հաղորդեց Գերապայծառ Լէօ Պոքարտին, Իրանին մէջ Պապական նուիրակը:   

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին սպանութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ տեղեակ է  Իրանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին  մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն եւ ապացոյց են, թէ ինչքան դժուար է խաղաղութիւն ստեղծել եւ հաւատալ խաղաղութեան: ըսած է  Գերապայծառը Լէօն:  Ան ապա  շեշտած է,  որ բարի քաղաքականութիւնը՝ խաղաղութեան ի սպաս է  ու համայն միջազգային ընտանիքը պէտք է խաղաղութեան ծառայութեան ի սպաս դրուի::

Պապական նուիրակը ապա նկատել տուած է, որ այժմ  Իրանի մէջ լարուած վիճակի մթնոլորտ կը շնչուի: Ամենուրեք բողոքի ցոյցեր կը կատարուին, տեղի կ՝ունենան բռնութիւններ: Ան ապա կոչ ուղղած է մեղմացնելու լարուած վիճակը հրաւիրելով բոլորը բանակցութեան եւ երկխօսութեան դիմելու,  դիտել տալով , որ պատմութիւնէն կրնանք դաս քաղել, թէ պատերազմն ու զէնքերը հարցերու լուծման համար չեն եղած  այլ անոնք աշխարհը խոցող միջոցներ են : Պէտք է հաւատալ բանակցութեան ու երկխօսութեան: Պէտք է հրաժարիլ հակամարտութենէն եւ զինուիլ արդարութեան եւ բարի կամքի զէնքերով:

Իրանի մէջ պապական նուիրակը հուսկ՝  յորդորած է, որ պէտք է ամէն ջանք թափել,  Միջին արեւելքի կացութիւնը, միջազգային ընտանիքի ուշադրութեան յանձնելու, ընդգծելով որ այդ կացութիւնը  պէտք է լուծուի եւ բոլորը ստանձնեն  իրենց պատասխանատուութիւնները: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2020, 10:58