Ռետեմթորէս Մաթեր մատուռը Ռետեմթորէս Մաթեր մատուռը  

«Մարիամը Ծնունդ է» Յիսնակացի քարոզները առաքելական պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ:

«Մանուկը գտան իր մօր Մարիամի հետ։ Դէպի Ծնունդ՝ Աստուածամօր ընկերակցութեամբ»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մարիամը Ծնունդ է» այս եղաւ Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Քափուչին միաբանութեան անդամ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսայի ուրբաթ 20 դեկտեմբերին քարոզին ընտրած նիւթը որ Ան ներկայացուց Վատիկանի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ` ի պատրաստութիւն Սուրբ  Ծննդեան տօնին։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կանխող ուրբաթ օրերու ընթացքին Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենան Յիսնակացի խորհրդածութիւնները զոր կը ներկայացնէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը` եւ որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ Կարդինալները, Արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Առաքելական Ժողովներու քարտուղարները, Հռոմի Քուրիայի եւ Հռոմի Փոխանորդութեան պատասխանատուները, միաբանութիւններու մեծաւորներն ու ներկայացուցիչները։

2019 տարուայ Սուրբ Ծննդեան խորհրդածութիւններու շարքի կեդրոնական նիւթը քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն «Մանուկը գտան իր մօր Մարիամի հետ։ Դէպի Ծնունդ՝ Աստուածամօր ընկերակցութեամբ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 10:19