Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան վարչապետը:

Հանդիպումները կայացած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ մէջ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն:

Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սլովաքիոյ հանրապետութեան վարչապետ Տիար Փիթեր Փելլեկրինին, վարչապետը ապա հանդիպում ունեցած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակերին:  Այս մասին յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդելով մէկ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է նաեւ որ յիշեալ հանդիպումները կայացած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է  Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ մէջ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն, մաղթելով որ ամրապնդուին այդ յարաբերութիւնները կրթական մարզէն ներս:

Քննարկումի նիւթ եղած է  Սլովաքիոյ մէջ իրաւական գետնի, կրօնական հասարակութիւններուն ի նպաստ վերջերս որդեգրուած օրէնքները, շօշափուած են երկուստեք հետաքրքրող նիւթեր,հայող ազգային փոքրամասնութիւններուն կրօնական ազատութեան խթանման, ընկերային արդարադատութեան եւ հիւրընկալութեան : 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2019, 13:53