«Ծնունդ է նաեւ այստեղ». Վատիկանի մէջ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը։ «Ծնունդ է նաեւ այստեղ». Վատիկանի մէջ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը։ 

«Ծնունդ է նաեւ այստեղ». Վատիկանի մէջ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան աւանդութիւնը։

Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով՝ 21 դեկտեմբեր 1969-ին եւ այս տարի կը յիշատակուի այդ աւանդութեան 50 ամեակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսնակաց շրջանի երրորդ  կիրակի օրը աւանդութիւն է որ բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս մանուկներ՝ համախմբուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, իրենց ձեռքը բռնած Յիսուս Մանուկի արձանիկներ, ու մասնակցելով կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքին զանոնք օրհնել տան Քահանայապետի կողմէ, որպէսզի ապա զետեղուին տուներու, դպրոցներու եւ աշխտասենեակներու մսուրներուն մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն աւանդութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով՝ 21 դեկտեմբեր 1969-ին եւ այս տարի կը յիշատակուի այդ աւանդութեան 50 ամեակը եւ ընտրուած բնաբանը «Ծնունդ է նաեւ այստեղ» կ՛ուզէ յատկանշել թէ Յիսուս կը ծնի որեւէ վայրի մէջ, կը ծնի առանձնութեան մէջ, լրութեան մէջ, փոքրիկ նշաններուն մէջ, Ան կը ծնի ամենուրէք։

Վերոնշեալ  աւանդական արարողութիւնը այս տարի նախատեսուած է  կիրակի 15 դեկտեմբեր 2019-ին։ Հռոմի Քրիստոնէականի զբօսավայրերու նախաձեռնութեամբ, հազարաւոր մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ու քրիստոնէականի դաստիարակներուն, նախ քան Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մասնակցին Մայր Տաճարի գահերէց՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի մատուցած Սուրբ Պատարագին, ապա կէսօրին կը փոխադրուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ ՄաԱրեմեան Աղօթքին եւ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութեան արարողութեան։

Նշենք թէ վերջին տարիներուն Մանուկ Յիսուսի օրհնութեան արարողութիւնը  սկսաւ կատարուիլ նաեւ իտալական բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններու մէջ ինչպէս նաեւ Միացեալ նահանգներու եկեղեցիներուն մէջ, որպէս հոգեւոր հաղորդութեան նշան ու մասնակցութիւն, Քահանայապետի նախագահած արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 10:27