Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի: Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի: 

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ողջոյնի խօսքը Վատիկանեան Առաքելական Գրադարանի մէջ կայացած համագումարի մասնակիցներուն:

Bibliotheca Orientalis շարքին մէջ հաւաքուած են վկայութիւններ հայ, ասորի, արաբ, մարոնիթ, ղպտի, յոյն եւ եթովպական պատմական, աստուածաբանական, քարտեսագրական եւ լեզուաբանական աղբիւրներէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 նոյեմբերին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ղեկավար՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ողջոյնի խօսք ուղղած է Վատիկանեան Առաքելական Գրադարանի մէջ կայացած համագումարի մասնակիցներուն, կազմակերպուած Ասսեմանիի Bibliotէeca Orientalis շարքի 300-ամեայ տարեդարձին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը նախ անդրադարձած է Մարոնիթ հոգեւորական Ճուզեփփէ Սիմոնէ Ասսեմանիի անձին, որ իր գիտական աշխատանքով նպաստած է բեղուն երկխօսութեան մը։

 Bibliotheca Orientalis շարքին մէջ հաւաքուած են վկայութիւններ հայ, ասորի, արաբ, մարոնիթ, ղպտի, յոյն եւ եթովպական պատմական, աստուածաբանական, քարտեսագրական եւ լեզուաբանական աղբիւրներէ։

Կարդինալ Սանտրի դրուատած է Ասսեմանիի զարգացած եւ համայնագիտական հմտութիւնը, մատնանշելով նաեւ անոր համեստութեան։  Ասսեմանի իր ամբողջ էութիւնը նուիրած էր ուսումնասիրութեան, ոչ թէ իր անձը դնելով կենդրոնը, այլ գիտութեան գանձը։ Այսպէս, գիտութեան իւրացումը չի վերածուիր ոյժի, որ կը ճնշէ ուրիշները, այլ ծառայութեան։

Ծիրանաւորը նկատած է, թէ Ասսեմանի, իր աշխատանքին մէջ դրած էր անձնական ոճ մը, կրնայ պատասխանատուութեան օրինակ ծառայել այսօրուան ուսումնասէրներուն, որոնք կոչուած են ծառայելու եւ ոչ թէ իրենց եսը դնելու կենդրոն։

Վերջապէս, Կարդինալ Սանտրի անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, աւելցուցած է, թէ «Ասսեմանի Մայրիներու Երկրին ճանապարհ ցոյց կու տայ, ուր, անոնք որոնք քաղաքական, տնտեսական եւ եկեղեցական մարզերու վրայ պատասխանատուութիւններ ունին, ըլլան խոնարհ ծառաներ հասարակաց բարիքին ի նպաստ, ամբողջ ժողովուրդին համար, առանց խտրութեան։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2019, 10:45