Հայր Տոնիծեթթի Թավարէս Տէ Լիմա Հայր Տոնիծեթթի Թավարէս Տէ Լիմա 

Պրազիլի մէջ երանելի կը հռչակուի Հայր Տոնիծեթթի Թավարէս Տէ Լիման։

Հայր Թավարէս իր մահկանացուն կնքեց 16 Յունիս 1961-ին։

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 նոյեմբերին Պրազիլի Թամպաու քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուի նախագահած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Երանելի կը հռչակուի  Հայր Տոնիծեթթի Թավարէս Տէ Լիման.

 

Հայր Թավարէսը ծնած է «Սանթա Ռիթա Տէ Քասիա»-ի մէջ 3 Յունուար 1882ին։ Մանուկ հասակէն ընտանիքին հետ միասին  կը փոխադրուի Սան Փաոլօ։ 12 Տարեկանին կ՛անդամակցի թեմական նորընծայարանին ուր ապա կը դառնայ նորընծաներու երաժշտութեան ուսուցիչը։  1900 կը հետեւի իրաւաբանութեան մասնաճիւղի դասընթացքներուն ու 1903ին Փիլիսոփայական ու Աստուածաբանական ուսումներուն։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 12 Յուլիսի 1908-ին ու կը սկսի իր ծառայութիւնը մատուցել Սան Կաէթանօ ժողովրդապետութեան մէջ ու 1909 կը դառնայ Վարկէմ Կրանտէ Տօ Սուլի ժողովրդապետ, մինչ 1926-ին կ՛անուանուի Թամպաուի Սուրբ Անոտն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, ուր կը կիսէ ժողովուրդին մտահոգութիւնները այդ մտահոգութիւններուն համար որոնելով լուծումներ։

Անոր սրբակեաց կեանքի համբաւը կը տարածուի շուտով ու շատեր կը ժամանեն Թամպաու իր հետ հանդիպելու համար, սակայն ան կ՛որոշէ վերջ տալ ժողովրդական այդ ծայրայեղական երեւոյթին ու դադրեցնել կու տայ այդ ուխտագնացութիւնները։

Հայր Թավարէս  իր մահկանացուն կնքեց 16 Յունիս 1961-ին։ Անոր սրբադասման դատի գործընթացքը սկիզբ առաւ 1992-ի Մարտին ու 2017-ի Հոկտեմբերի 9-ին Ֆրանչիսկոս Պապը զայն հռչակեց Աստուծոյ ծառայ, մինչ 2019-ի Ապրիլի վեցին ճանչցաւ անոր շնորհիւ կատարուած հրաշքը ու որոշեց զայն դասել երանելիներու շարքին։

Հայր Տոնիծեթթի աճիւնները պահպանուած են Թամպաուի Սուրբ Անտոն Եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 09:01