Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի 

Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։

«Համայն եկեղեցին է որ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ Ամազոնեային» ըսաւ կարդինալ Պալտիսսերի հաստատելով որ մասնակից եպիսկոպոսներուն ընդհանուր թիւը 184 է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ 6 – 27 հոկտեմբեր Վատիկանի Սիւնհոդոսական Դահլիճին մէջ գումարուած Համա – Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած Եպիսկոպոսներու յատուկ սիւնհոդոսին, որուն նիւթն է «Ամազոնիա. Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Ունկնդրէ լուրը

Սիւնհոդոսի ներկայացումը կատարեցին Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, Համա Ամազոնեան ցանցի նախագահ եւ սիւնհոդոսի գլխաւոր զեկուցող Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս ապա եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ենթաքարտուղարը գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Պալտիսսերի այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ մատնանշեց սոյն յատուկ սիւնհոդոսի կարեւորութեան, ընդգծելով որ  «տիեզերական եկեղեցին յուզող հարց մըն է ան», եւ ասոր համար է որ սիւնհոդոսը կը գումարուի  Քրիստոնէութեան սիրտ ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդի աթոռ  Հռոմի մէջ։

Ծիրանաւորը բացատրեց թէ սիւնհոդոսին հրաւիրուած են մասնակցելու տարածաշրջանի բոլոր եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ այլ յատուկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուներ։

«Համայն եկեղեցին է որ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ Ամազոնեային» ըսաւ կարդինալ Պալտիսսերի հաստատելով որ մասնակից եպիսկոպոսներուն  ընդհանուր թիւը 184 է որոնցմէ 113 հայմա Ամազոնեան տարածաշրջանի պատկան եպիսկոպոսներ, 13ը Հռոմի Քուրիայի պատասխանատուներ, որոնց աւելցնելու ենք  15 ընդհանուր մեծաւորներու ներկայացուցիչներ ու Քահանայապետական անուանումով 33 անդամներ։

184 մասնակցողներուն մէջ կան 28 կարդինալներ, 29 Արքեպիսկոպոսներ, 62 առաջնորդ Եպիսկոպոսներ,  7 օգնական եպիսկոպոսներ, 27 առաքելական փոխանորդներ, 10 գերապայծառներ, 21 կղերականներ։  

Համա Ամազոնեան տարածաշրջանը կ՛ընգրկէ 9 երկիներ՝ Ֆրանսական Կինէա, Կիանա, Սուրինամ, Վենեզուելլա, Քոլոմպիա, Էքուատոր, Պրազիլ, Պոլիվիա, եւ Փերու, ու Սիւնհոդոսին մասնակցող եպիսկոպոսները կը պատկանին եօթը եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու։

Սիւնհոդոսին կը մասնակցին նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ գործող  այլ եկեղեցիներն ու եկեղեցական հասարակութիւնները ներկայացնող 6 պատգամաւորներ  ինչպէս նաեւ 12 յատուկ հրաւիրեալներ որոնք ընտրուած են իրենց մասնագիտական հմտութեան բերումով, կամ անպահպանութեան ի նպաստ իրենց գործունէութեան համար։ Ասոնց կից ապա կան 25 մասնագէտներ որոնք կը համագործակցին Գլխաւոր զեկուցողին հետ։

Ունկնդիր մասնակիցներուն թիւը 55 է որոնք շարքին 17 բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ որոնցմէ ինն կիներ են։ Անոնք սիւնհոդոսին կը բերեն իրենց ժողովուրդներու աւանդութիւններուն, հաւատքի ու մշակոյթի կենդանի վկայութիւնը ու պիտի սատարեն աւելի լաւ ըմբռնելու Ամազոնեան իրականութիւնը պատշաճ կերպով պատասխանելու համար անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Սիւնհոդոսին նպատակը կրկնակի է մէկ կողմէն բացայայտել աւետարանութեան նոր ճանապարհներ ապա բնապահպանութեան հարցը շրջանի մը մէջ որ նկատուած է աշխարհ մոլորակի թոքը։ Այս վերջինիս վերաբերող մօտեցումը սահմանուած չէ միայն բնական միջավայրին այլ կ՛ընգրկէ մարդոյաղին եւ ընկերային ոլորտները։ Բնապահպանութիւն մը որ ի յայտ դնէ մարդկային էութիւնը անոր կենսոլորտին հետ  ունեցած կապին հետ։

Սիւնհոդոսի գումարման առթիւ Սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը որդեգրած է բնապհապանական ձեռնարկներ ինչպէս գրանցումը կատարել օն լայն առանց թուղթի գործածութեան եւ կանխարգիլել «փլասթիք» ի գործածութիւնը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 12:34