Գերապայծառ Մարիօ Կրէք Գերապայծառ Մարիօ Կրէք 

Քահանայապետը Գերապայծառ Մարիօ Կրէքը նշանակեց Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընդհանուր քարուղարի փոխանորդ:

Լուրը յայտարարեց Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսերին:

Մալթայի Կոզօ կղզիի եպիսկոպոս Գերապայծառ Մարիօ Կրէքը Քահանայապետին կողմէ նշանակուեցաւ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընդհանուր քարտուղարի փոխանորդ։

Ունկնդրէ լուրը

Լուրը  յայտարարեց Եպիսկոպոսներու Սինոդի ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին,  Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սինոդի  նախօրեակին:  Գերապայծառ Պալտիսերին, մատնանշեց  նաեւ, որ Գերապայծառ Կրէքը մօտ ապագային իր յաջորդը պիտի ըլլայ ու թէ այս ժամանակահատուածին  միասին գործելով  գերապայծառ Կրէքը մօտէն պիտի ծանօթանայ սինոդի գործունէութեան ու  գործընթացին։

Կարդինալ Պալտիսսսերի բացատրեց  նաեւ, թէ ինք տարիքի բերումով ու  եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն ներկայացուցած է իր հրաժարականը,  ու թէ գերապայծառ Կրէքը տեղակալի պաշտօնը պիտի վարէ մինչեւ որ իր հրաժարականը ընդունուի Քահանայապետի կողմէ։

Գերապայծառ Կրէք ծնած է 1957 թուականին: Քահանայ ձեռնադրուած է 1984-ին, ապա եպիսկոպոս օծուած է 2005ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապին օրով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 11:55