Կարդինալական գլխարկներ Կարդինալական գլխարկներ 

Կարդինալական դասին կը միանան 13 նոր կարդինալներ։

«Անոնց ծագումը կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ միսիոներական կոչումը որ աշխարհի բոլոր մարդոց կը շարունակէ հռչակել Աստուծոյ ողորմած սէրը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 հոկտեմբեր 2019-ի, յետմիջօրէի 4-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ  Նոր կարդինալներու ստեղծումի կարդինալական հանրային հաւաք մը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալական տիտղոս կը շնորհէ 13 նոր կարդինալներու, որոնց անուանումը անակնկալ կերպով հռչակած էր, անցեալ մէկ սեպտեմբեր 2019-ին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին։

Ունկնդրէ լուրը

«Անոնց ծագումը կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ միսիոներական կոչումը որ աշխարհի բոլոր մարդոց  կը շարունակէ հռչակել Աստուծոյ ողորմած սէրը» ըսած էր այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ներկայացնելով նոր կարդինալներուն անունները։

1-     Գերապայծառ Միկել Անկել Աեուզօ Կիսօ, միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։

2-     Գերապայծառ Խօսէ Թոլենթինօ Քալասա Տէ Մետոնսա, Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ արխիւագէտ ու գրադարանապետ։

3-     Գերապայծառ Ինիացիուս Սուհարիօ Հարժոադմոտիօ՝ Ժաքաթրայի Արքեպիսկոպոս։

4-     Գերապայծառ Խուան Տէ Լա Քարիտատ Կարսիա Ռոտրիկէս՝ Սան Քրիթոպալ Տէ Լա Հապանայի Արքեպիսկոպոս։

5-     Գերապայծառ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկու՝ Քինշասայի Արքեպիսկոպոս

6-     Գերապայծառ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ՝ Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս

7-     Գերապայծառ Ալվարօ Լէոնել Ռամացցինի Իմերի՝ Հուէհուէդէնամկոյի Արքեպիսկոպոս

8-     Գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի՝ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս

9-     Գերապայծառ Քրիսթոպալ Լոփես Ռոմերօ՝ Ռապաթի Արքեպիսկոպոս եւ

10-   Գերապայծառ Միշել Շծեռնի՝ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի գաղթականներու գրասենեակի ենթաքարտուղար։

Ապա՝

1 - Գերապայծառ Միքայէլ Լուիս Ֆրիդսկերալտ՝ Նեփթէ թեմին վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս։

2 - Գերապայծառ Սիճիթաս Թամքեվիչիուս՝  Քաունաս թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս, եւ

3 - Գերապայծառ Էուճենիօ Տալ Քորսօ՝ Պենկուելա թեմին երբեմնի առաջնորդ։

Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ աղօթքով  որմէ ետք նոր կարդինալներէն մին յանուն նորանշանակ ծիրանաւորներուն շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապին, ապա Նորին Սրբութեան հակիրճ  աղօթքէն ետք տեղի կ՛ունենան Սուրբ գրային ընթերցումները։

Քահանայապետը առ այդ յատուկ մէկ աղօթքով թեկնածուներուն կը շնորհէ  կարդինալական տիտղոսը ու աստիճանը որ կարող է ըլլալ Եպիսկոպոսի, Քահանայի կամ սարկաւագի, որմէ ետք անոնք միասնաբար կ՛արտասանեն Հաւատոյ Դաւանանքը ապա հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կը խոստանան Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Հաւատոյ դաւանանքին ու խոստումին կը հետեւի կարդինալական մատանիի տուչութիւնը,  որուն սովորութիւնը սկիզբ առած է ԺԳ դարուն եւ կարմիր գլխարկի յանձնումը որ կը խորհրդանշէ մարտիրոսութիւնը, ինչպէս նաեւ  Հռոմի Եկեղեցիի մը տիտղոսաւոր դառնալու իրաւունքը։ նոր ստեղծուած ծիրանաւորներուն կը յանձնուի նեաւ Քահանայապետական կոնդակը, որմէ ետք անոնք կ՛ողջունուին կարդինալական դասի միւս բոլոր անդամներու կողմէ։  

Արարողութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր աղօթքով եւ Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 11:05